Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ այսօր, Իսրայէլի կողմէ Հալէպի Միջազգային Օդակայանի հրթիռակոծման հետեւանքով, օդակայանը ծառայութենէ դուրս եկաւ։ Հալէպի Միջազգային Օդակայանի թռիչքները պիտի փոխադրուին Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ Միջազգային օդակայաններ։

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածներուն համար ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւններու օդանաւերը եւս վայրէջք պիտի կատարեն Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ միջազգային օդակայաններ։