Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ Կիրակի, 12 Մարտի առաւօտեան ժամը 7։15-ին, Իսրայէլ քանի մը հրթիռ արձակեց Լիբանանի հիւսիսային ուղղութենէն՝ թիրախ դարձնելով Համայի եւ Թարթուսի արուարձաններու զինուորական կարգ մը կէտեր։

Սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին յարձակումին եւ վար առին քանի մը հրթիռ։
Յարձակումին հետեւանքով երկու զինուոր վիրաւորուեցաւ ու նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։