Չորեքշաբթի, 15 Մարտ 2023-ին, Քրեմլինի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ պաշտօնական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։

Հանդիպման սկիզբը նախագահ Փութին ըսաւ. «Ուրախ եմ մեր հրաւէրին ընդառաջելով Մոսկուա ձեր այցելութեան համար։ Սուրիոյ ժողովուրդը աղէտալի երկրաշարժի ենթարկուեցաւ, որուն հետեւանքով անոր ցաւն ու տառապանքը կրկնապատկուեցաւ, իսկ մենք, որպէս հաւատարիմ բարեկամներ ջանք չենք խնայեր անոր ցաւը մեղմացնելու համար»։

Նախագահ Փութին յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ յարաբերութիւնները մշտական զարգացման մէջ են, նոյնիսկ առեւտրական փոխանակումը աճ արձանագրած է։

Իր կարգին նախագահ Ասատ ըսաւ. «Ուրախ եմ այս հանդիպումին համար։ Քաղաքական մեր հանդիպումները պէտք է շարունակուին՝ համադրելու միջազգային շարունակուող փոփոխութիւններու լոյսին տակ մեր պատկերացումները»։
Ապա նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածներուն Ռուսիոյ, յատկապէս Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ռուսական բանակին օժանդակութեան համար, յայտնելով, որ Սուրիոյ ժողովուրդը երախտապարտ է Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման գծով Ռուսիոյ կեցուածներուն համար։

Նախագահը աւելցուց.«Ռուս-սուրիական միացեալ յանձնախումբի աշխատանքի արդիւնքները գոհացուցիչ են։ Այս այցելութիւնը Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ յարաբերութեան նոր փուլի մը սկիզբը պիտի ըլլայ»։

Նախագահը յայտնեց, որ Մոսկուա իր այս այցելութիւնը առաջինն է՝ Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք, շեշտելով Սուրիոյ զօրակցութիւնը Ռուսիոյ։

Նախագահ Ասատ կարեւոր համարեց աշխարհի հաւասարակշռութեան վերականգնումը, դիտել տալով որ այլապէս աշխարհը տապալման պիտի ուղղուի։