Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի հանդիսապետութեամբ, Հալէպի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահեցողութեան Արեւագալի ժամերգութիւն կատարուեցաւ
Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9։00-ին, մասնակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեանի, Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեանի եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Արեւագալի ժամերգութեան հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց «Շողակաթ» երգչախումբը: Մեծ Պահեցողութեան հոգեթով աղօթքներով եւ շարականներով հաւատացեալները հոգեպէս ներշնչուեցան:
«Հրաժարիմք»ի արտասանութեամբ, ապա խոստովանանքի եւ զղջումի արարողութեամբ հաւատացեալները հրաժարեցան սատանային պատրանքներէն եւ դէպի լոյս դառնալով իրենց հնազանդութիւնը արտայայտեցին Երկնաւոր Հօր:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզին նիւթն էր Մատթէոսի Աւետարանի 7-րդ գլխուն մէջ Քրիստոսի յիշած երեք երեւոյթներ, որոնք շարունակութիւնն են 5-րդ գլուխէն սկսեալ յիշուած Երկինքի Արքայութեան ժառանգորդ եղող մարդուն ապրելակերպին առնչուող երեւոյթներուն։
Սրբազան Հայրը առաջին երեւոյթին ակնարկելով յայտնեց, թէ Քրիստոս մեզ կը թելադրէ ուրիշները չդատել, որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով եւ չափանիշով որ ուրիշները կը դատենք, նոյն սկզբունքով եւ չափանիշով Աստուած մեզ պիտի դատէ։ Հետեւաբար, քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը լաւագոյն առիթն է դադրեցնելու մեր ուշադրութիւնը ուրիշներու վրայ կեդրոնացնելէ եւ անոնց քննադատելէ ու փոխարէնը աղօթական հոգիով առաջնորդուելու եւ մեր անձերը ինքնաքննութեան եւ ինքնաճանաչողութեան ենթարկելու։
Քրիստոս մեզ կը զգուշացնէ, պատուիրելով արտաքին երեւոյթներէն մղուած չդատել ուրիշները, այլ արթուն եւ զգաստ ըլլալ, որովհետեւ ուրիշները դատելով մենք զմեզ մեղքի կ՛առաջնորդենք, փոխանակ մեր անձերուն հոգեւոր աճման եւ զարգացման վրայ հսկելու։ Եկեղեցւոյ Հայրերը կ՛ըսեն, թէ երբ կը սիրես՝ քու նմանդ չես դատեր։
Երկրորդ երեւոյթը հոգեւոր կուրութեան մասին է։ Քրիստոս կը զգուշացնէ հոգեւոր կուրութեան ընթացքի մէջ եղողները ըսելով. «Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր»։ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ երբ հպարտութիւնը մէջդ կ՛արմատաւորուի, չես կրնար սխալներդ տեսնել եւ միայն ուրիշները կը քննադատես, հետեւաբար կրկնակի սխալի մէջ կ՛իյնաս։
Երրորդ երեւոյթին անդրադառնալով, Սրբազան Հայրը յիշեցուց Քրիստոսի խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Ոեւէ սրբութիւն շուներուն մի՛ տաք, ձեր մարգարիտներն ալ խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք, որպէսզի չըլլայ թէ զանոնք կոխկռտեն եւ դառնան ձեր վրայ յարձակին»։ Մակար Սրբազան նշեց, թէ սրբութիւնն ու մարգարիտները կը խորհրդանշեն Աստուծոյ խօսքին եւ ճշմարիտ վարդապետութեան, շուները՝ արդարութեան հակառակորդներուն, իսկ խոզերը՝ ճշմարտութիւնը եւ Աստուծոյ խօսքը անպատուողներուն ու նախատողներուն։ Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ ընկերութեան մէջ անհրաժեշտ է գիտակցիլ սրբութեան եւ մարգարիտի արժէքին, իմաստութիւն ունենալ արժեւորելու մեր շրջապատը եւ զգոյշ ըլլալ, որովհետեւ տնտեսներ ենք եւ վա՜յ մեզի եթէ մեր արտայայտութեամբ պատճառ կ՛ըլլանք ուրիշները գայթակղութեան առաջնորդելու եւ Աստուծոյ խօսքը, անունը եւ արդարութիւնը անպատուելու։ Ուստի, Մակար Սրբազան անհրաժեշտ նկատեց Աստուծմէ խնդրել, որ յարմար ժամանակը ստեղծէ, որպէսզի մեզի շնորհք տայ յարմար պահուն իմաստութեամբ խօսելու եւ Իր անունը փառաւորելու։
Պատարագի աւարտին, Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Ապա, եկեղեցւոյ Տիկնաց յանձնախումբին կողմէ կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ։