Ուրբաթ, 17 Մարտ 2023-ին, Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ և ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան կատարեց իր հերթական այցելութիւնը Թարթուսի Հայ համայնքին։

Տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, ինչպէս միշտ յոյն ուղղափառ Մար Տանիէլ եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաւաքուեցան մեծաթիւ հայ ընտանիքներ՝ մասնակցելու արարողութեան եւ միասնաբար աղօթելու։

Քահանայ հայրը արարողութեան ընթացքին քարոզեց և օրուան իբրեւ հոգեւոր խորհրդակցութեան նիւթ բնաբան ունենալով «Բազումողորմ Տէր, Ողորմեա՛ Ինձ» նախադասութիւնը, քաղուած Մանասէ թագաւորի աղօթքէն, որ կը կարդացուի Արեւագալի արարողութեան ընթացքին։

Աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն ապա քահանայ հայրը կատարեց նորածին երեք մանուկներու տաճարին ընծայումը։

Այնուհետեւ Քհնյ. հայրը, թաղական խորհուրդը և հաւատացեալները հանդիպում ունեցան Հայ կենդրոնէն ներս, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց եւ մարդահամար Թարթուսի և Պանիասի ու շրջաններու հայ ընտանիքներուն։ Ապա քահանայ հօր ձեռամբ ներկայ ընտանիքներուն բաժնուեցան սննդակողովներ, որոնք Թարթուսի հայորդիներուն տրամադրուած էին Լաթաքիոյ մարդասիրական յանձնախումբին կողմէ։

Ներկաները իրենց խորազգաց շնորհակալութիւնները յայտնեցին քահանայ հօր և Լաթաքիոյ մարդասիրական յանձնախումբին։