Կիրակի, 19 Մարտ 2023-ին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա ալ-Ասատի ընկերակցութեամբ, պաշտօնական այցելութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ժամանեց։

Ապու Տապիի օդակայանին մէջ նախագահը պսշտօնական աւանդական ընդունելութեան արժանացաւ Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մուհամէտ պըն Զայետ Ալնահեանի եւ հանրապետական պահակագունդին կողմէ։

Էմիրութիւններու օդային տարածք մուտքին, նախագահին օդանաւին ընկերակցեցան Էմիրութիւններու զինուորական օդանաւեր, որպէս բարի գալուստի արտայայտութիւն։

Նախագահը այնուհետեւ ուղղուեցաւ ազգային պալատ՝ հանդիպում ունենալու շէյխ պըն Զայետ Ալնահիանի հետ, իսկ Առաջին Տիկինը հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Էմիրութիւններու շէյխուհի՝ Ֆաթիմա պընդ Մուպարաքի հետ։

Նախագահին կ՚ընկերակցէր նաեւ նախարարական պատուիրակութիւն մը եւ Էմիրութիւններու մէջ Սուրիոյ դեսպանը։