Երկուշաբթի, 20 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց զօրակցական այցելութիւնը Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի, որուն կ՚ընկերակցէր Իրաքի Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Խաժակ Վարդանեան։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Մանուէլ Տէր Մանուէլեան եւ Յարաբերական յանձնախումբի անդամ տիար Վրէժ Եագուպեան։

Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը իրազեկ դարձաւ երկրաշարժէն ետք տիրող իրավիճակին եւ Իրաքի Հայոց Թեմին ու իրաքահայութեան օժանդակութիւնը յանձնելով Սրբազան Հօր՝ ցաւակից եղաւ եւ զօրակցութիւն յայտնեց հալէպահայութեան։
Այս առիթով, Իրաքի Բարեջան Առաջնորդը Սրբազան Հօր նաեւ յանձնեց Գերմանիոյ Հայոց Թեմին կողմէ հաւաքուած օժանդակութիւնը, որ առաքուած էր Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովփէ Եպս. Իսախանեանի կողմէ։

Այնուհետեւ, Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ այցելեց Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ուր շրջագայելով ծանօթացաւ եկեղեցւոյ պատմականին եւ սրբապատկերներու պատմական արժէքին։

Սրբազան Հայրը երախտագիտական զգացումներով շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդին եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետին՝ իրենց զօրակցական այցելութեան համար եւ համագործակցութեան ոգիով բարեյաջող ու արեւշատ օրեր մաղթեց իրաքահայութեան, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմին։