Երկուշաբթի, 20 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան եւ Իրաքի Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Խաժակ Վարդանեան, հալէպահայութեան տուած զօրակցական այցելութեան շրջագիծէն ներս այցելեցին նաեւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցան Ճեմարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնուհի տիկ. Զեփիւռ Րէիսեանի կողմէ։
Այցելուներուն կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Յարաբերական յանձնախումբի անդամ տիար Վրէժ Եագուպեան։

Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը շրջելով Ճեմարանէն ներս մօտէն ծանօթացաւ այնտեղ տարուող հայակերտումի առաքելութեան, իրազեկ դարձաւ երկրաշարժին հետեւանքով Ճեմարանի կառոյցին կրած վնասներուն եւ իրաքահայութեան անունով զօրակցութիւն յայտնեց։

Այնուհետեւ, Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդն ու Ազգ. Վարչութեան ատենապետը Հայր Մանուկին ընկերակցութեամբ այցելեցին Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան եւ Ազգ. Մանկապարտէզ, ուր դիմաւորուեցան վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնուհի տիկ. Նայիրի Բանոյեանի եւ մանկապարտիզպանուհի տիկ. Նուշիկ Չաքրեանի կողմէ։
Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը շրջելով վարժարանի եւ մանկապարտէզի զանազան բաժանմունքները, մօտէն հետեւացաւ տարուող ուսումնական աշխատանքին եւ Իրաքի Հայոց Թեմին զօրակցութիւնը յայտնեց պատասխանատուներուն եւ անձնակազմին։