Ատրպէյճանի շարունակական յարձակումը եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին դէմ տարածքային նկրտումներու ու բռնութեան հրահրման քաղաքականութիւնը կ’ապակայունացնեն իրադրութիւնը տարածաշրջանին մէջ: ՄԱԿ-ին նման բովանդակութեամբ նամակ յղած է ՄԱԿ-ի ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցումին համաձայն, նամակը 21 Մարտին հրապարակուած է՝ որպէս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի և Գլխաւոր միութեան պաշտօնական փաստաթուղթ:

«Ատրպէյճանի թշնամական վարքը եւ զաւթողական ծաւալապաշտական հռետորաբանութիւնը անգամ մը եւս ցոյց կու տան անոր մտադրութիւնը՝ շարունակելու յարձակողական իր ուղին եւ օգտագործելու տարածքային նկրտումները՝ որպէս նոր զինուորական գործողութիւններու պատրուակ», նշուած է նամակին մէջ:

Մհեր Մարգարեան նաեւ շեշտած է, որ նախկին յանցագործութիւններուն համար անպատժելիութիւնը պարարտ հող նախապատրաստած է հայատեացութիւնը Ատրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով խրախուսելու համար:

ՄԱԿ-ի ՀՀ մշտական ներկայացուցիչը նաեւ կ’անդրադառնայ Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ անցած հայկական պատմական, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումին՝ Նախիջեւանի, Լեռնային Ղարաբաղի գրաւուած տարածքներուն մէջ: Վկայակոչուած է հայկական եկեղեցիներու եւ Հին Ջուղայի աւելի քան 5000 խաչքարերու բարբարոսական ոչնչացումը:

Եզրափակելով՝ ան դիտել տուած է, որ Ատրպէյճանի նման վարքը աւելի կ’ապակայունացնէ իրադրութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ վնասարար ազդեցութիւն կը թողու խաղաղութեան եւ անվտանգութեան կայուն հիմքերու ստեղծման վրայ: