Դամասկոս-ՍԱՆԱ- Նկատի ունենալով, որ անշարժ գոյքի զարգացման կամ քաղաքաշինութեան նպատակներով մշակուած նախագիծերը կը նպաստեն տարբեր մարզերու համապարփակ եւ համաչափ յառաջընթացի ապահովման, Չորեքշաբթի, 22 Մարտին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց 2023-ի թիւ 2 օրէնքը, որ կը ներառէ փոփոխութիւններ 2021-ի 18 թուակիր Ներդրումային օրէնքի որոշ դրոյթներուն մէջ։ Փոփոխութիւններուն նպատակն գտնել ժամանակակից գործիքակազմ՝ հաստատութենական սահմանափակումներէն խուսափելու եւ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման ընթացակարգերը պարզ դարձնելու համար։