ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի 69 անդամներ՝ երկու կուսակցութիւններէ, հերթականօրէն հանդէս եկած են Ատրպէյճանին զինուորական օգնութիւնը դադրեցնելու եւ Արցախին ու Հայաստանին 150 միլիոն տոլարի օգնութիւն ուղարկելու կոչով: Այս մասին հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարածած հաղորդագրութիւնը: Նախաձեռնութիւնը կը ղեկավարէ Քոնկրեսի հայկական յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրենք Փալոն:

Ներկայացուցիչներու պալատի անդամները նամակ յղած են Պետական Արտաքին Գործառնութիւններու Յատկացումներու ենթայանձնաժողովի նախագահ Մարիո Տիաս Պալարթին եւ ենթայանձնաժողովի բարձրաստիճան անդամ Պարպարա Լիին, որոնք արդէն սկսած են 2024 տնտեսական տարուան արտաքին օգնութեան մասին օրինագիծի՝ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի տարբերակի մշակումը:

«ԱՄՆ-ի շարունակական զինուորական օգնութիւնը Ատրպէյճանին կը ներկայացնէ «անցաթուղթ» ատրպէյճանական յարձակումին համար, կանաչ լոյս ատրպէյճանական շրջափակումին համար: Ատիկա պէտք է դադրեր նախագահ Պայտընի պաշտօնավարութեան առաջին օրը. ան պաշտօնը ստանձնեց՝ որպէս Ալիեւին զինելու եւ օգնելու սուր քննադատ: Բայց եթէ մեր նախագահը չընէ, ինչ որ ճիշդ է, ապա Քոնկրեսը պէտք է գործէ», ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տնօրէն Արամ Համբարեան։