Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյւօ Քլաար կը նախատեսէ 3 Ապրիլին այցելել Ատրպէյճան:

haqqin.az-ի իրազեկ աղբիւրներուն համաձայն, Քլաար Պաքուի մէջ պիտի մասնակցի Ատրպէյճանի Եւրոմիութեան պատուիրակութեան հետ գործակցութեամբ եւրոպական երիտասարդութեան դեսպաններու կողմէ Եւրօ ակումբի բացման արարողութեան։ Վերջին անգամ Քլաար Ատրպէյճան այցելած էր 5 Մարտին: