28 Մարտին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սպանիոյ Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարկոս Կոմէս Մարթինես (նստավայրը՝ ք․ Մոսկուա):

Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են Հայաստանի եւ Սպանիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման դրական աշխուժութիւնը, միտքեր փոխանակած են քաղաքական երկխօսութեան խորացման հեռանկարներու շուրջ: Քննարկուած են շարք մը տնտեսական ու տեղեկատվական ճարտարագիտութեան ոլորտներու մէջ գործակցութեան ընդլայնումի կարելիութիւնները: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական մշտադիտարկման առաքելութեան տեղակայումը եւ ՀՀ-Եւրոմիութեան գործընկերութեան այլ հարցերու՝ նկատի առնելով նաեւ, որ Սպանիան Յուլիսին պիտի ստանձնէ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահութիւնը:

Հանդիպումի ընթացքին միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող նիւթերով: Նախարար Միրզոյեան անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Ատրպէյճանին նաեւ վերջին շրջանի յարձակողական գործողութիւններուն, ամենաբարձր մակարդակով հնչող հռետորաբանութեան ու Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի նման գործելակերպը չի նպաստեր տարածաշրջանի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած Հայաստանի ջանքերուն: Արարատ Միրզոյեան շեշտած է Ատրպէյճանի կողմէն միջանցքի արգելափակման վերացումին, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցք միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան ուղարկումի կարեւորութիւնը: