Սուրիոյ նախագահը վճռական մնաց սուրիական հողերը ազատագրելու իր կեցուածքին մէջ ու սուրիական դիւանագիտութիւնը, հակառակ տարիներու ծանր պատերազմին, անհամար ճնշումներուն ու երկրի մեկուսացման փորձերուն, երկար ճամբայ կտրեց դուրս գալու մեկուսացումէն, Սուրիոյ մէջ աստիճանաբար վերաբանալու տարբեր երկիրներու դիւանագիտական գրասենեակներ ու յատկապէս վերականգնելու արաբական երկիրներու հետ յարաբերութիւնները:
Եթէ այս բոլորը դիտենք  նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման պրիսմակին ընդմէջէն,  պիտի տեսնենք, որ Ռուսիա, Չինաստան, Իրան, արաբական երկիրներ, Թուրքիա գործակցութեան եզրեր կը փնտռեն՝ աշխարհի միաբեւեռ ղեկավարումը չքացնելու եւ նախաձեռնելու  նոր աշխարհակարգի կառուցման՝ աշխարհաքաղաքական ու տնտեսական հիմնարար փոփոխութիւններով:
Չինաստան-Ռուսիա վերջին գագաթնաժողովը չէր սահմանափակուած Մոսկուայի՝ Պեքինի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման օրակարգով կամ պարզապէս Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու չինական նախաձեռնութեան քննարկումով: Հանդիպման յաջորդող քաղաքական զարգացումները կը վկայեն, որ երկու նախագահներու միջեւ գոյացած գագաթնաժողովը սահմանած է այն հիմքերը, որոնց վրայ կը նախատեսուի կառուցել նոր աշխարհակարգը: Համակարգ մը, որ հիմնուած պիտի ըլլայ բազմակարծութեան վրայ եւ վերջ պիտի տայ աշխարհի կառավարման ամերիկեան մենաշնորհին:
Աշխարհի կառավարման ամերիկեան մենաշնորհը չեղարկող գլխաւոր ուժը բնականաբար պիտի ըլլայ Չինաստանը՝ նկատի ունենալով անոր տնտեսական եւ ճարտարագիտական հսկայ կարողութիւնները, որոնք սակայն բաւարար չեն, ուստի եւ անհրաժեշտութիւն կը գոյանայ նոր դաշինքի մը Ռուսիոյ հետ՝ ապահովելու յառաջիկայ ամբողջական փոփոխութիւններու կառավարումը եւ հաւասարակշռութիւնը: Այս հաւասարակշռութիւնը, սակայն, կարելի չէ պահպանել միայն Արեւելեան Ասիոյ տարածաշրջանով, այսինքն՝ Չինաստանի՝ Ռուսիոյ գործակցութեամբ, այլ հարկ է որ այս ծրագիրին մէջ ներառնուին արեւմտեան Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի երկիրները։
Այս օղակին մէջ կարեւոր դեր ունի Իրանը: Միւս կողմէ Սէուտական Արաբիան նոր ձեւաւորուող աշխարհակարգին մէջ իր ներկայութիւնը ապահովելու համար քայլ մը առաջ կ’անցնի ու այս երկիրներուն հետ իր կապերը ամրապնդելու համար կ’որոշէ դուրս գալ իր աւանդական դաշնակիցի ազդեցութենէն ու գործակցիլ նոր աշխարհակարգի սահմանումին մէջ ազդեցիկ դեր ունեցող երկիրներու հետ: Ուստի այս համակարգին մէջ իր ազդեցութիւնը ապահովելու համար Չինաստանի նախաձեռնութեամբ կը ջանայ վերականգնել դիւանագիտական յարաբերութիւնները Իրանի հետ:
Սուրիան եւս իր ազգային շահերէն մեկնած ու երկրի ազատագրման հորիզոններուն հասնելու հեռանկարով կը միանայ ուժերու այս համախմբումին: Սուրիական հողերու վրայ ամերիկեան դաշինքի ուժերուն իրանեան-սուրիական միացեալ պատասխան հարուածները այս ուղերձը կը ներառեն:
Թուրքիան եւս կը ջանայ իր ազդեցիկ դերը ունենալ նոր ձեւաւորուող համակարգին մէջ: Ուստի Ռուսիոյ միջնորդութեամբ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ձգտումը գործի վերածելու համար,  յատկապէս երկրի նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին, Թուրքիա ամէն միջոց կը ջանայ օգտագործել:
Արաբական երկիրներու Սուրիոյ մերձեցումը եւս այս շրջագիծին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ արաբական միացեալ ուժ մը ստեղծելու ճիգին մէջ պէտք է դիտել:
Նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման միջինարեւելեան ուժերու վերադասաւորումը ընթացք կ’առնէ տագնապալի Սուրիայէն:  Այս զարգացումներուն լոյսին տակ ալ մօտիկ ապագային կանխատեսելի են ինչպէս արաբական երկիրներ-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացում, այնպէս ալ թրքական ուժերուն Սուրիայէն դուրս գալու գործընթացի մեկնարկ:
Հետագային, Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւններու  հաւանականութիւնը կրնայ ճշդել նաեւ արեւելեան Եփրատի շըրջանին սուրիական վերահսկողութեան անցնելու քայլերը, ինչ որ Սուրիոյ տագնապի վերջնական լուծման ազդանշանը կրնայ տալ: