Սուրիոյ պատերազմին, ապա նաեւ երկրաշարժին յաջորդող տագնապալի օրերը դժուար կացութեան մատնեցին յատկապէս երիտասարդութիւնը:
Տնտեսական տագնապը, սուրիական դրամանիշին անկումը, սղաճն ու աշխատավարձերու ապրուստի նուազագոյն պահանջին անհամապատասխան ըլլալը երիտասարդութիւնը տակաւին կը մղեն գաղթի:
Այս երեւոյթին մխիթարական մէկ երեսը երիտասարդներուն հայրենիք՝ Հայաստան ուղղուիլն է, թէեւ կան նաեւ արեւմտեան ափեր գաղթողներ:
Սուրիահայ համայնքի շարժիչ ուժը երիտասարդութիւնն է, երիտասարդութեան թիւին նուազումը ընկերային, տնտեսական, ազգային կեանքի մէջ դժուարութիւններ կրնայ յառաջացնել, աւելին. կը կրկնապատկէ համայնքէն ներս գոյատեւող երիտասարդութեան ե՛ւ բեռը, ե՛ւ պատասխանատուութիւնը:
Ազգային եւ միութենական կեանքի մէջ ծառայող երիտասարդներու մէկէ աւելի պարտականութիւններ կը վստահուին, անոնք միաժամանակ ստիպուած կ’ըլլան իրենց անձնական կեանքը հոգալու, տնտեսական այս ծանր պայմաններուն մէջ երբեմն մէկէ աւելի գործ վարելով: Տակաւին ընտանիք կազմելու դժուարութիւնները յաւելեալ մտահոգութեան ծանրութեամբ կը ճնշեն երիտասարդները:
Հակառակ այս բոլորին, Սուրիոյ համալսարաններու, երկրի շարք մը ենթակառոյցներու մէջ աշխոյժ գործունէութիւն        կը վարեն մեր երիտասարդները:
Այդուամենայնիւ, երկրի անցողիկ այս տագնապին ի տես ձեռնածալ պէտք չէ մնալ: Անհրաժեշտ է երիտասարդութեան զօրավիգ կանգնիլ ու ստեղծել այնպիսի կարելիութիւններ, որոնցմով կարենայ ե՛ւ իր աշխատանքին, ե՛ւ ուսումին, ե՛ւ ազգային կեանքին մէջ հաւասարակշռութիւն պահել:
Ժամանակաւոր օժանդակութիւնները հարց պիտի չլուծեն, հարկ է աշխատանքի մէջ քաջալերել զիրենք, ստեղծել այնպիսի ձեռնարկութիւններ, որոնց մէջ ներգրաւել աշխատող երիտասարդ մարդուժ: Տեղական այսպիսի ծրագիրներ կան, որոնք յաջողութիւն արձանագրած են թէ՛ գործ հայթայթելով, թէ՛ երիտասարդ մասնագիտացած մարդուժ պատրաստելով:
Միութենական աշխատանքներու մէջ եւս համադրումի կարիքը ինքզինք կը պարտադրէ:  Իրերանման աշխատանքները կարելի է միացնել, որպէսզի նուազ թիւով պատասխանատուներ նշանակուին եւ երիտասարդները չծանրաբեռնուին կրկնակի պատասխանատուութեան տագնապով:
Այստեղ մատնանշենք նաեւ կարեւորութիւնը գաղթող երիտասարդութեան կապը անխախտ պահելու համայնքին, մանաւանդ երիտասարդութեան հետ, որպէսզի փորձառութիւններու փոխանակումով սուրիահայեր թեւ ու թիկունք կանգնին իրարու եւ պահպանելով կապը կամուրջներ նետեն իրար միջեւ, առանց վայրի կաշկանդումներէն ազդուելու:
Եթէ այս կապը պահպանուի, շատ մը հարցերու լուծումը կարելի կը դառնայ եւ մենք կը յաջողինք սուրիահայերու կապը ծառայեցնել ե՛ւ համայնքի գոյապահպանման երաշխիքները ամրապնդելու, ե՛ւ փորձառութիւններ փոխանակելու:
Այս օրակարգով երիտասարդներու մասնակցութեամբ խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը գործնական շատ մը առաջարկներ կրնայ լոյսին բերել եւ երիտասարդներու տարբեր կարծիքները ի մի հաւաքելով ծրագիրներ կեանքի կոչել: