Քանի մը օր առաջ համակարգիչս բացի եւ պաստառին վրայ անմիջապէս փայլատակեց՝ «Երջանկութեան Օր» գրութիւնը. ուրեմն այդ օրը՝ 20 Մարտը երջանկութեան միջազգային օրն է եղեր, 2012 թուականին ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած, «նպատակ ունենալով պաշտպանել այն գաղափարը, թէ երջանկութեան ձգտումը համամարդկային զգացում է եւ երջանիկ ըլլալը մարդկութեան հիմնական նպատակներէն մէկն է»: Նպատակ կ’ըսէ, եւ ոչ իրաւունք: Ի՞նչ է տարբերութիւնը այս երկուքին, պիտի ըսէք: Նպատակը շատ անհատական բան է եւ ամէն մարդ ինքն իր գլխուն ճարին կը նայի,- երբեմն նաեւ միջոցներուն միջեւ խտրութիւն չդնելով,- իր նպատակին հասնելու համար. մինչ եթէ բան մը իրաւունք է, մանաւանդ՝ ամբողջ մարդկութեան համար, թերեւս ուրիշներ եւս կը միանան այդ իրաւունքը նուաճելու:
Յաջորդ օրը բանաստեղծութեան միջազգային օրն էր:
Տակաւին կան Մայրերու օր, կիներու օր, ուսուցիչներու օր եւ անշուշտ բոլորն ալ՝ միջազգային: Դեռ ի՞նչ առիթներու նուիրուած օրեր կան արդեօք: Դիմեցի համացանցին, մտածելով թէ ի՜նչ ապուշ բան է փնտռածս, ալ ինչի՞ օրեր պիտի ըլլան: Բայց ինչե՜ր գտայ. գրեթէ ամէն օր «օր» մըն է, առիթ մը տօնելու, տօնախմբելու կամ գոնէ յիշելու համար: Բայց ո՞վ պիտի աշխատի, երբ բոլորս ալ այս «օր»-երը յիշենք, տօնենք, տօնախմբենք, չեմ գիտեր:
Եւ այսպէս.
4 Յունուարը Պրայի (կոյրերու գիրեր) օր է, 24-ը՝ կրթութեան, իսկ 27-ը՝ Ողջակիզումի զոհերու յիշատակին,- հրեաներուն համար 24 Ապրիլ մը:
Փետրուար 1-7-ի  շաբաթը կրօնական հանդուրժողութեան շաբաթ է, 11-ը գիտութեան նուիրուած աղջիկներու եւ կիներու օր, 13-ը ռատիոյի օր, 20-ը ընկերային արդարութեան օր, 21-ը մայրենիի օր: Ըսեմ նաեւ, որ Փետրուարի 28 օրերէն 11-ը «օր» է, ես յիշեցի միայն հինգը, որովհետեւ միւսներէն մաս մը նոյնիսկ չեմ համարձակիր հոս գրել:
Մարտին մէջ կան 22 «օր»-եր. եթէ  Մարտը 31-ի փոխարէն ունենար 40 օրեր, բոլորն ալ «օր» պիտի դառնային, որովհետեւ, պատկերացուցէք, 21 Մարտը համաշխարհային բանաստեղծութեան օր ըլլալու կողքին, նաեւ այլ 5 առիթներ տօնախմբելու օր է, ամէնէն տարօրինակը ասոնց՝ ջուրի օր, անտառի օր եւ … օդերեւաբանութեան օր:
Ապրիլը ունի 23 «օր», Մայիսը՝ 21, Յունիսը՝ 30, Յուլիսը՝ 11, Օգոստոսը՝ 10, Սեպտեմբերը՝ 19, Հոկտեմբերը՝ 20, Նոյեմբերը՝ 18 եւ Դեկտեմբերը 17 «օր»-եր ըստ ՄԱԿ-ի ցուցակին, որուն նշանաբանն է՝ «Խաղաղութիւն, արժանապատուութիւն եւ հաւասարութիւն, առողջ մոլորակի մը վրայ»:
Այս բոլորը՝ լաւ, բայց «Յաճախորդի միջազգային օր», «սուրճի միջազգային օր», «ընտանիքի միջազգային օր» եւ այլն … քիչ մը շատ չէ՞:
Պահ մը կը մտածես՝ այս «օր» որոշողները գործ չունի՞ն, որ նստեր տօնախմբելիք պատճառներ փնտռեր-գտեր են, ներկայացուցեր են ՄԱԿ-ին, համամտութիւն ստացեր,- անշուշտ երկար ատեն քննարկելէ ետք առաջարկին շինիչ ըլլալը ամբողջ մարդկութեան համար,- եւ ի վերջոյ՝ յայտարարեր են, ի ուրախութիւն իրենց եւ … մեզի, թէեւ մենք այնքան ալ գաղափար չունենանք այդ «օր»-երուն գոյութենէն:
Ի զուր չէ ուրեմն, որ աշխարհի ամէնէն տագնապալի, էական եւ թէժ հարցերուն մէջ ՄԱԿ-ը՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը այսքան … ամուլ է, այսքան անլսելի է իր ձայնը,- եթէ երբեւէ ձայն բարձրացնէ,- եւ այնքան անիմաստ է արդէն իր գոյութիւնը, եթէ պիտի չկարենայ իր նշանակած «օր»-երէն ԳՈՆԷ մէկը արդարացնել կամ իրագործել՝ «Ահաբեկչութեան համար նպաստաւոր ծայրայեղ բռնութեան կանխարգիլման միջազգային օր» (International Day for the Prevention of Violent Extremism as and when Conducive to Terrorism), 12 Փետրուար:
Տակաւին կան իւրաքանչիւր երկրի պետական, ազգային, կրօնական եւ աւանդական օրերը, որոնք, ըստ իս, առաջնահերթ են եւ շատ աւելի կարեւոր, քան վերը յիշածներս:
Այս ցանկին վրայ վեց երկիրներու լեզուները «օր» ունին՝ չինարէնի, անգլերէնի, սպաներէնի, փորթուկալերէնի, ռուսերէնի եւ արաբերէնի «օր» կայ, ինչպէս նաեւ օր մը խուլ-համրերու ձեւերու լեզուին նուիրուած:
Ինչպէ՞ս որոշուած են այս օրերը՝ ըստ գործածող ժողովուրդի թիւի՞ն արդեօք. ինծի կը թուի սակայն, որ հայերէնը նաեւ, էսփէրանթոյի թեկնածութեամբ եւ իր բազմաթիւ առաւելութիւններով, որոնց մասին օտարները խօսած եւ գրած են, պէ՛տք էր «օր» ունենար:
«Օր»-եր ունենալու նպատակը, տօնելու կողքին նաեւ այն չէ՞ որ ընկերային ախտերը մէջտեղ դրուին եւ անոնց դարմանումներ մտածուին: Բայց ախտերը կը նշուին, յետոյ … մոռցուելու համար, որովհետեւ ո՛չ քննարկում կ’ըլլայ կարծես, ոչ ալ դարմանումներու մասին կը խօսուի: Արդեօ՞ք այս բոլորը կ’ըլլան եւ մենք է որ չենք իմանար…
Այս բազմաթիւ եւ բազմագոյն «օր»-երէն մէկը սակայն զիս տարօրէն կը հետաքրքրէ՝ 9 Դեկտեմբերը՝ «Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջազգային օր»-ը, որմէ պէտք է մենք՝ սփիւռքահայերս, լրիւ օգտուինք, մեր ձայնը միացնելով ցեղասպանուած այլ ազգերու ձայնին, ցոյց տալու եւ հաստատելու համար, թէ
-եթէ մերը ատենին ընդունուէր, թերեւս կանխարգիլէր յաջորդ ցեղասպանութիւնները,
-կանխարգելում չէ եղած տակաւին, ինչո՞ւ, ո՞ւր պէտք է փնտռել ատոր պատճառը,
-մերը միակը չէ  եւ պիտի շարունակէ միակը չըլլալ:
Անշո՛ւշտ մենք կը շարունակենք 24 Ապրիլը բարձրաձայնել ամէն տեղ եւ ամէն առիթով, բայց պէտք է խոստովանիլ, որ ընդհանրապէս մենք մեզի կը տօնենք՝ եկեղեցիներու կամ ակումբներու շրջափակէն ներս, իսկ ժողովուրդը այն քաղաք/երկիրներուն, ուր կ’ապրինք, յաճախ այնքան քիչ բան գիտէ միջազգային կարեւորութիւն ունեցող (պէ՛տք է ունենայ իւրաքանչիւր ինքզինք եւ իր մարդկութիւնը յարգող երկրի համար) այս պատմական ցնցիչ իրականութեան մասին:
Անկախ ասկէ, եթէ ունինք նաեւ 9 Դեկտեմբերի տարբերակը, ունինք ա՛յս «օր»-ը, ինչո՞ւ չօգտագործենք զայն եւս:
Անկեղծօրէն սակայն ո՞վ ուշադրութիւն կը դարձնէ այս «օր»-երուն. անոնց տուն տուողները իրենց առօրեային մէջ այնքան կը տառապին, որ ոչ իսկ կ’անդրադառնան թէ «օր» ունին, իսկ մնացեալ աշխարհը, որ կրնար թերեւս բան մը փոխել, միայն եթէ քիչ մը ուշադիր ըլլար, տարուած է իր կեանքը ապրելով: Այդ մնացեալը կը կարծէ թէ «օր» շնորհելով, հարցերը լուծուած կ’ըլլան եւ իրենք ալ իրենց պարտականութիւնը կատարած, կրնան խղճի հանգստութեամբ շարունակել ապրիլ իրե՛նց օրը:
Անկէ անդի՞ն:
Անկէ անդինը ՄԱԿ-ը թող մտածէ: Եթէ մտածելու ունակութիւնը ունի:
Մարուշ Երամեան