Հայաստանը Ատրպէյճանի հետ միջազգային սահմանին հայկական կողմէն Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայումը դիտարկած է որպես տեղւոյն անվտանգութիւնը բարձրացնելու, տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան նպաստելու արժէքաւոր գործիք:

Այս մասին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ռումինիոյ նախարարի հետ հանդիպումէն վերջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

Միրզոյեան յայտնեց, որ Ռումինիոյ իր գործընկերոջ հետ քննարկած են երկկողմ գործակցութեան լայն նիւթեր: Արտաքին գործոց նախարարները նաեւ ստորագրած են 2023-2024 միատեղ գործողութիւններու ծրագիր:

Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի օրակարգին մէջ եղած են նաև Հայաստան-Եւրոմիութեան քաղաքական եւ անվտանգային հարցերով երկխոսութեան եւ Հայաստան-Եւրոմիութեա համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի արդիւնաւէտ իրականացման հարցերը։

Նախարարները նաեւ միտքեր փոխանակած են երկու երկրի գործակցութեան մասին՝ «Արեւելեան գործընկերութեան», նաեւ «Եւրոպական քաղաքական համայնքի» շրջանակներուն մէջ: