Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկած է Ատրպէյճանի կողմէն սանձազերծուած ապրիլեան պատերազմի եւ զինուորական յանցագործութիւններու շուրջ յայտարարութեամբ.

1 Ապրիլ 2016_ի լուսաբացին եւ 2 Ապրիլի գիշերը, կոպտօրէն խախտելով 1994_ի Կրակի եւ զինուորական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցումի համաձայնագիրը, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը լայնածաւալ յարձակումի անցան Արցախի Հանրապետութեան դէմ՝ օգտագործելով իրենց ողջ յարձակողական զինանոցը՝ ծանր զրահաճարտարագիտութիւն, հրետանի եւ զինուորական օդուժ:

Ատրպէյճանական զինուժը ոչ միայն գրոհեց ԱՀ Պաշտպանութեան Բանակի (ՊԲ) առաջապահ դիրքերը, այլեւ թիրախաւորեց սահմանամերձ բնակավայրերը՝ պատճառելով աւերածութիւններ, սպանելով եւ ծանր վիրաւորելով անմեղ քաղաքացիական անձեր՝ կիներ եւ երեխաներ: Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կատարեցին նաեւ բազմաթիւ վայրագութիւններ եւ պատերազմական յանցագործութիւններ, մասնաւորապէս՝ հայ ռազմագերիներու եւ խաղաղ բնակիչներու դաժան սպանութիւններ, գլխատումներ եւ սպանուածներու մարմիններու խոշտանգումներ։

Այդ դաժան յանցագործութիւնները իրականացնողները հետագային Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէն արժանացան պետական խրախուսման, իսկ անոնց յանցագործութիւնները փառաբանուեցան ատրպէյճանական հասարակութեան մէջ եւ ներկայացուեցան որպէս օրինակելի վարքագիծ:
Ապրիլեան յարձակումը հերթականօրէն բացայայտեց խաղաղ գործընթացը տապալելու եւ հակամարտութիւնը ուժային ճանապարհով լուծելու Ատրպէյճանի հեռահար նպատակները։ Աւելին, Ատրպէյճանի յանցաւոր գործողութիւններու անպատժելիութիւնը եւ ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելու հանդէպ միջազգային հանրութեան հանդուրժողականութիւնը, ըստ էութեան, պարարտ հող նախապատրաստեցին եւ կարելիութիւն ստեղծեցին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի նոր սադրանքներուն և յարձակումին համար։
Հետեւաբար, ընդամէնը չորս տարի անց՝ 27 Սեպտեմբեր 2020_ին, Ատրպէյճանը, Թուրքիոյ աշխոյժ աջակցութեամբ եւ միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներու ներգրաւումով, նոր լայնածաւալ պատերազմ սանձազերծեց Արցախի դէմ՝ բռնատիրելով եւ ցեղային զտման ենթարկելով Արցախի Հանրապետութեան տարածքի զգալի մասը։ Այսօր, լիակատար անպատժելիութեան եւ անտարբերութեան մթնոլորտին մէջ, Ատրպէյճանը կը շարունակէ իր յարձակողական եւ ահաբեկչական քաղաքականութիւնը Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ՝ շուրջ 4 ամիս Արցախի 120.000 բնակչութեան պահելով անօրինական շրջափակման մէջ, պարբերաբար խախտելով 9 Նոյեմբեր 2020_ին Ռուսիոյ Դաշնութեան միջնորդութեամբ հաստատուած հրադադարի դրութիւնը՝ թիրախաւորելով ԱՀ ՊԲ զինծառայողները խաղաղ բնակչութեան, գրաւելով նոր տարածքներ եւ ռազմավարական բարձունքներ, խաթարելով Արցախի ժողովուրդի տարրական կենցաղային պայմանները ապահովող ենթակառուցուածքներու աշխատանքը։
Արցախի ժողովուրդին դէմ շարունակուող Ատրպէյճանի անօրինական գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ այդ երկրին իշխանութիւնները մտադիր չեն կատարել իրենց միջազգային պարտաւորութիւնները եւ կը վարեն Արցախի հայաթափման եւ բռնագրաւման հետևողական քաղաքականութիւն։
Անգամ մը եւս կոչ կ’ուղղենք միջազգային հանրութեան, եւ առաջին հերթին՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին, անհապաղօրէն եւ արդիւնաւէտ քայլեր ձեռնարկելու Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուող ցեղային զտման եւ ցեղասպան քաղաքականութիւնը կանխելու եւ, նախքան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման հասնիլը, Արցախի մէջ բնականոն կենսագործունէութեան ապահովման ձեւաչափեր եւ երաշխիքներ ներդնելու ուղղութեամբ։ Կարեւոր կը համարենք Արցախի ժողովուրդի կողմէն իւրացուած ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչումը, որ անհրաժեշտ նախադրեալ է անոր իրաւունքներու, անվտանգութեան եւ խաղաղ զարգացման ապահովման համար: