Դամասկոսի եւ Ռիատի միջեւ յարաբերութիւններու մօտալուտ վերականգնումի ակնկալութիւնները հասունցած կը թուին ըլլալ։ Սէուտական Արաբիան այդ բարեփոխումին ենթահողը ստեղծեց երկրի արտաքին գործոց նախարարին աննախադէպ յայտարարութիւններով, որոնք կ’անդրադառնային Սուրիոյ առնչուող մօտեցումներու եւ համոզմունքներու փոփոխութեան։ Յայտարարութիւններուն ոճը, կշռոյթն ու յաճախականութիւնը կը վկայէին, որ իրականութեան մէջ երկու պետութիւններուն միջեւ բաւական բան տեղի ունեցած է՝ ապահովական եւ հետախուզական, մասամբ ալ քաղաքական առումներով, եւ որ երկու կողմերուն դիրքորոշումը ցարդ «բացայայտումներէ աւելի լուռ աշխատանքի հակամէտ է»:
Սուրիական ճգնաժամը ցոյց տուաւ, որ Դամասկոսի հանդէպ խորթացումն ու թշնամանքը հաւանական սպառնալիքի մը ճշգրիտ հակադարձութիւնը չէին, եւ որ ճգնաժամը կը  սաստկանար, հակառակ Ռիատին ու անոր դաշնակիցներուն  զայն «կառավարելի դարձնելու» կամ «փարատելու» ճիգերուն:  Աւելին. Սուրիոյ իշխանութիւնները տապալելու եւ Իրանը Սուրիայէն դուրս բերելու փորձերը անպտուղ դուրս եկան՝ այսօր իրականութիւնը կը պարզէ այն, որ իշխանութիւնները կը գոյատեւեն, իսկ Իրան կ’ամրապնդէ իր ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ։ Աւելին. Ռիատ  ռազմավարական երկխօսութիւն կը հաստատէ Իրանի հետ, եւ երկու կողմերը, Չինաստանի հովանաւորութեամբ, կը յայտարարեն փոխըմբռնումի եւ մերձեցման իրենց առաջին քայլին մասին:
Միւս կողմէ իշխանութիւններու եւ պետութեան դէմ ժողովրդային «յեղափոխութեան» առնչուող խօսակցութիւնները հնամաշ յանկերգի վերածուած են արդէն։
Կը թուի, թէ Սէուտական Արաբիան հասկցած է, որ Սուրիոյ մասին իր արժեւորումները  սխալ էին, եւ հարցերը նոյն ընթացքով պիտի չշարունակուէին, հետեւաբար անհրաժեշտ էր վերատեսութեան ենթարկել Դամասկոսի հանդէպ իր դիրքորոշումը, պահն ալ հասած էր յարաբերութեան ոճը փոխելու, մանաւանդ որ Սուրիան ոչ ոքի դէմ դուռ փակած էր վերջնականօրէն։ Աւելին. Սուրիան պահած էր յարաբերութիւններու այնպիսի կշռոյթ մը, որ մերձեցման ամէն հաւանականութիւն կրնար քաջալերել։ Ռիատ ըմբռնած է նաեւ, որ Դամասկոս-Թեհրան  յարաբերութիւնները ինչպէս իրանեան, նոյնպէս ալ սէուտական, ծոցի երկիրներու եւ արաբական պահանջ է։
Դամասկոս քանի մը տասնամեակ շարունակ կողմերուն միջեւ հաւասարակշռութեան պահպանման տարածք կը հանդիսանար, ինչ որ կը նպաստէր տարածաշրջանի մէջ լարուածութեան բազմաթիւ գործօններու զսպումին։ Ուստի Թեհրանի, Ապու Տապիի, Ռիատի, Տոհայի եւ այլոց միջեւ երկխօսութեան ընթացք առնելը այդ իրողութիւնը կը շեշտադրէ։
Միւս կողմէ, Ռիատ, այս կամ այն ձեւով, մաս կը կազմէ այն շարժիչ ուժին, որ յանգեցուց երկրի լայն տարածքներու վրայ Դամասկոսի իշխանութեան վերականգնումին: Թէեւ Ռիատ ուղղակիօրէն չմասնակցեցաւ «լարուածութեան մեղմացման» համաձայնութիւններուն, հաւանաբար ալ երբեմն փորձեց վիժեցնել զանոնք, սակայն աստիճանաբար սկսաւ «ընդունիլ» եւ «հասկնալ» ռուսական մօտեցումը Սուրիոյ մէջ, այդ կարգին նաեւ՝ Ասթանայի գործընթացը։
Քաղաքական կացութեանց հետեւողին աչքէն չի վրիպիր նաեւ սուրիական ներքին տագնապին միջամտելու Ռիատի ետքայլը, որուն հետեւանքով ալ  ընդդիմադիրներու, սկզբնական շրջանին ալ զինեալ խմբաւորումներու օգնութեան նուազումը՝ տագնապի առաջին տարիներուն հետ բաղդատած։ Այս իրողութեան անդրադարձաւ նախագահ Ասատը 14 Մարտ 2023-ին, Մոսկուա իր այցելութեան ընթացքին։
Կարելի է խօսիլ Դամասկոսի եւ Ռիատի միջեւ յարաբերութիւններու երկու հիմնական  մակարդակներու մասին, որոնք կը գործեն զուգահեռաբար՝  ապահովութեան եւ հետախուզական հաղորդակցութեան մակարդակ, որ համեմատաբար հին է եւ նկատառելի յառաջընթաց  արձանագրած է, եւ քաղաքական ու կառավարական հաղորդակցութեան մակարդակ, որ աւելի նուազ տեսանելի կամ զարգացած է, եւ կ’ազդուի բազմաթիւ գործօններէ, յատկապէս՝ Ամերիկեանէն։
Դիւրին չէ յաղթահարել տարիներ շարունակ գոյութիւն ունեցող մոլեգնութեան ու թշնամանքի վիճակը։ Անհրաժեշտ է նախ երկու կողմերու ցանկութեան առկայութիւնը, ապա նաեւ համապատասխան նախապատրաստութիւնը, բարենպաստ պահն ու միջազգային, տարածաշրջանային միջավայրը, բայց մանաւանդ քաղաքական  դերակատարներու համոզումը: Վերջին պայմանին իրականացումը մասամբ փոփոխութեան յոյս կը ներշնչէ, սակայն կարելի չէ աչքաթող ընել յետընթացի արձանագրման մտավախութիւնը։ Իրավիճակը բարդ է, իսկ վտանգներն  ու խոչընդոտները՝ բազում։
Անհրաժեշտ է, որ որոշումները բխին Դամասկոսի եւ Ռիատի մերձեցման անհրաժեշտութեան գիտակցումէն եւ իւրաքանչիւր կողմին դիմացինին առաջնահերթութիւնները հասկնալու անհրաժեշտութենէն, յատկապէս վիճելի շարք մը հարցերու գծով: Այս մէկը կարեւոր է, որպէսզի կողմերը պարզապէս տուրք չտան ներքին կամ տարածաշրջանային իրավիճակներու զարգացումներուն եւ կաշկանդուածութեան։ Երկու երկիրները բաց եւ խորքային երկխօսութեան կարիք ունին, քանի որ Սուրիան պատերազմի, բախումներու կամ մրցակցութեան դաշտ չէ, այլ՝ առաջնահերթութիւններ ունեցող գործուն տարր է, որուն սահմաններուն մէջ տարաբանոյթ շահեր ու ձգտումներ կը խաչաձեւուին:
Դամասկոս հաւանաբար պիտի չուզէ յաճախակիօրէն կրկնել 2254 բանաձեւը, ինչ որ իրեն համար ճգնաժամի ողջ տրամաբանութիւնն էր, անոր երկարած տարիները, եւ ոչ թէ երկու երկիրներու մերձեցման ծառայող տրամաբանութիւնն ու ժամկէտը յուշողը: Ու թէեւ բանաձեւը բնորոշող յղումները վատ անդրադարձ չեն ձգեր, սակայն վստահաբար այս փուլին նպատակային պիտի չըլլան: Դամասկոսի տեսանկիւնէն զարգացումները գերազանցած են այդ բանաձեւին դրոյթները, եւ այլեւս կարելի չէ ետդարձ կատարել, գէթ ճգնաժամի հռետորաբանութեան եւ անոր խաղադրոյքներուն առումով։  Տակաւին կան կողմեր, որոնք կը խօսին 2011-ի տրամաբանութեամբ։ Անոնք, յատկապէս Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան, Դամասկոսի հակառակորդներն են։
Սա կը նշանակէ, որ Դամասկոս կը նախընտրէ վերանայիլ «քայլ առ քայլ» կամ «քայլ-քայլ» գաղափարի կամ նախաձեռնութեան խորքային տրամաբանութեան, որուն մասին կը խօսին Յորդանանը, միջազգային բանագնաց Կիր Պետըրսընը եւ այլ կողմեր, որոնք կը ցանկան փոխել մերձեցման այս գործընթացին տեսլականը։
Այս առումով վերոնշեալ երկիրներուն մէջ ռազմավարական երկխօսութեան եւ փոխըմբռնումի կարիք կայ եւ ոչ թէ՝ պայմաններու պարտադրման անպտուղ փորձերու։
Դամասկոս պէտք է բացուի արաբական աշխարհին։ Ան պատրաստ է հանդիպելու Ռիատի եւ այլոց հետ, սակայն պատրաստակամութիւն  չունի նախապայմաններ ընդունելու Թեհրանի հետ իր յարաբերութիւններուն կամ սուրիական տագնապի լուծման ներքին ծալքերուն գծով:
Դոկտ. Աքիլ Մահֆուտ
Դամասկոսի Քաղաքագիտութեան համալսարանի դասախօս
«Ալ-Մայատին» 
Արաբերէնէ թարգմանեց
Զարմիկ Պօղիկեան