Աւագ Հինգշաբթի, 6 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս կատարուեցաւ Չարչարանաց Կարգ, որ յիշատակութիւնն է Քրիստոսի մատնութեան եւ չարչարանքներուն:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Չարչարանաց Կարգի յուզումնախառն արարողութեան, մասնակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեանի եւ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեանի:
Արարողութեան քաղցրահունչ երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. Գէորգ սրկ. Սէմէրճեանի:

Եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ եօթ Աւետարաններ ընթերցուեցան: «Փառք Ի Բարձունս»-ի պահուն, եկեղեցւոյ ջահերը մարեցան եւ հոգեպարար կերպով հնչեց «Ուր Ես Մայր Իմ» սրտառուչ տաղը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց օրուան խորհուրդը, յայտնելով, որ խաւարման գիշերուան արարողութեան ընդմէջէն մեր առջեւ կը գծագրուին մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի ամենածանր օրուան մէջ պատահած երկու պատկերներ: Առաջինը՝ Յուդայի դաւաճանութիւնը, հակառակ, որ Տէրը չորս անգամ կը զգուշացնէ զինք, բայց Յուդան դրամասիրութեամբ այնքան կուրցած էր եւ իր սիրտը աշխարհին կապած էր, որ ուշադրութիւն անգամ չի դարձներ երկնաւոր Տիրոջ սիրոյ եւ հայրական ապաշխարութեան քաղցր հրաւէրին:
Երկրորդ պատկերը՝ Պետրոս առաքեալի ուրացումն է: Պետրոս ինքնահաւանութեան եւ յաւակնոտութեան զոհ երթալով համարձակութեամբ կը յայտարարէր, թէ Քրիստոսի կողքին պիտի մնար, բայց երբ ժամանակը հասաւ վախը կլանեց իր սիրտը եւ ուրացողներուն առաջինը եղաւ՝ երեք անգամ ուրանալով Տէրը:

Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ չըլլանք Յուդային նման, այլ՝ Պետրոսի, որ թէեւ ուրացաւ, բայց երբ Քրիստոսի ապաշխարութեան հայեացքը հանդիպեցաւ իր աչքերուն՝ զգաստացաւ եւ դառնագին լալով զղջաց եւ ապաշխարեց:
Ուստի, նկուղին մէջ արգելափակուած մեր Տիրոջ հրաւէրին ընդառաջելով՝ ապաշխարենք եւ խոստովանինք մեր մեղքերը: Խնդրենք Սուրբ Հոգիին օգնութիւնը, որպէսզի նեղութեան պահուն նեցուկ կանգնի մեզի եւ մեր հաւատքը հաստատուն պահէ:

Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Քրիստոս ամենածանր վայրկեաններուն մէջ իբրեւ մարդ իր աղօթքին մէջ Աստուծմէ կը խնդրէր, որ տառապանքի բաժակը հեռացնէ իրմէ, սակայն շուտով կ’ըսէ. «Ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ քու կամքդ թող ըլլայ, ո՜վ Հայր», քրիստոնէական մեծագոյն դաստիարակիչ մարզումը կատարելով: Հետեւաբար, մենք եւս երբ հոգեւոր արթնութեամբ կ’աղօթենք, խնդրենք, որ մեր Հօր Աստուծոյ կամքը կատարուի։

Խորհրդաւոր արարողութեամբ լիցքաւորուած հաւատացեալները վերադարձան իրենց տուները, յառաջիկայ օրերուն աղօթքով եւ հոգեկան ցնծութեամբ դիմաւորելու Տիրոջ հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը։