Յարութեան եղջերափողը հնչեց ահա,
Համատարած երջանկութիւն կայ,
Երկինքէն մեղր ու կաթ կը ծորայ,
Զի յարեաւ Յիսուս Արքայ:
Խայտացէ՛ք ժողովուրդք աշխարհի,
Ծափս առէ՛ք մանկունք Սիոնի,
Ճաշակեցէ՛ք հաց ու գինի,
Զի յարեաւ Յիսուս Բարի:
Այսօր է տօն յաղթանակի,
Ողջ աշխարհ՝ ժպտադիմի՛,
Ամէն ինչ նորոգուած՝ բարի,
Զի յարեաւ Զօրավար երկնքի:
Բացուեցաւ դուռն յուսոյ,
Պայծառաշողեցէ՛ք ջահեր լուսոյ,
Տուէ՛ք փառք Որդւոյն Աստուծոյ
Զի յարեաւ Որդին Մարդոյ:
Այսօր է տօն Ս. Յարութեան,
Տօն՝ գովերգութեան ու ցնծերգութեան,
Թմբուկ, ծնծղայ ու նուագարան,
Զի յարեաւ ճշմարիտ Մանանան:
Հոգեսարսուռ ու Հոգեթրթիռ օրը հասաւ,
Սրտահեղեղ ու սրտաշարժ ժամը եկաւ,
Այլեւս չկայ քաղց ու ծարաւ,
Զի յարեաւ Քրիստոս մեղսաքաւ:
Բարձրաձայնենք աւետման մեղեդին,
Մատուցենք խնկաբերան պաշտամունք հոգեւին,
Ալ չվախնանք ու չզարհուրինք ամենեւի՛ն,
Զի յարեաւ Յաղթողն աշխարհին:
Բերկրաբերը դրան դիմաց է կանգնած,
Դուռդ բա՛ց, մա՛րդ արարած,
Թող մտնէ Փրկիչդ ձեռնատարած,
Որպէսզի բալասանէ սիրտդ քարացած:
Առաքել Աբղ. Գատեհճեան
Անթիլիաս, Լիբանան