Պոլսահայ, հանրածանօթ երգչուհի Սիպիլ Քիւթահիա իր այցելութեան առիթով տեղւոյն հայերուն վերաբերող հետեւալ տեղեկութիւնը փոխանցեց:
Խմբ.
Քիւթահիա անունը յատուկ նշանակութիւն ունի աշխարհացրիւ հայերու համար, քանի որ բոլորս գիտենք, թէ Քիւթահիան (պատմական Կուտինան) մեր անմահանուն Կոմիտասի ծննդավայրն է: Յուզիչ, շատ յուզիչ էին Կոմիտասի բնակարան տրուած այցելութիւնն ու տեսնելը իր մանկութեան անցած փողոցները, անցնիլը իր քալած  ճամբաներէն: Բայց ուրիշ հետաքրքրական բան մը լսած էի կուտինահայութեան մասին, որ պատահած էր տեղահանութեան շրջանին: Այդ մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւն ստացայ իմ լրագրող ընկեր՝ Տիրան Լոքմակէօզեանէն: Հիմա ձեզի պիտի փորձեմ փոխանցել այս շատ հետաքըրքրական եղելութիւնը:
Այս դէպքին հերոսը Կուտինայի կուսակալ Ալի Ֆայիք Օզանսոյն է, որ իր մահկանացուն կնքած է 1950 թուականին, Անգարայի մէջ ու իր մարմինը ամփոփուած է Զինճիրլիքույուի գերեզմանատունը: Ի՞նչ էր պատճառը որ հայեր այնքան երախտապարտ էին իրեն ու շատ կը յարգէին իր յիշատակը:
Ալի Ֆայիք վարած է Կուտինայի կուսակալի պաշտօնը, իսկ իր եղբայրը եղած է Երիտթուրքերու կազմակերպութեան բարձրաստիճան  պատասխանատուներէն մին: Ահա այդ  պատճառով է, որ Ալի Ֆայիք նախօրօք տեղեկացած էր, թէ հայեր քանի մը ամիս վերջ ցեղասպանութեան պիտի ենթարկուէին: Այդ  լուրը ստանալէ յետոյ իր եղբօր նամակ մը ղրկած է, որուն մէջ ըսած է թէ տեղեակ է հայերու ոդիսականին եւ խնդրած է որ ինք միջամուխ եւ մեղսակից չըլլայ այդ գործողութեան, ինչպէս էին ուրիշներ: Երբ դեռ չէր սկսած տեղահանութիւնը, Օզանսոյ կը դիմէ Կուտինայի մեծամեծներուն, իմամներուն, ոստիկանապետներուն եւ հարց կուտայ թէ ի՛նչ է իրենց տպաւորութիւնը Կուտինահայոց մասին: Բոլորն ալ Օզանսոյին կը յայտնեն, որ իրենց քաղաքացիները բարի, ուղիղ ու պարկեշտ մարդիկ են եւ իրենց նպաստը բերած են Կուտինայի բարգաւաճման: Այդ պահուն Օզանսոյ անոնցմէ կը պահանջէ գրաւոր յայտնել իրենց կարծիքը, ստորագրել ու յանձնել զայն իրեն:
Երբ հայեր կը սկսին տարբեր քաղաքներէ տեղահանուիլ, քանի մը անհատ կու գան Ալի Ֆայիքի մօտ, ըսելով՝ հրահանգուած է  կուտինահայերը եւս աքսորի ենթարկել: Այդ պահուն Ալի Ֆայիք կը հանէ այդ թուղթը, որուն վրայ քանի մը ամիս առաջ նոյն անձինք ստորագրած էին, յիշեցնելով իրենց նախապէս ըսածները, ապա  կ’աւելցնէ, թէ ի՛նչ փոխուած է այդքան կարճ ժամանակի մէջ որ այդ մարդիկ տեղահան ըլլալու արժանացած են: Ուստի ո՛չ մէկը կ’արտաքսուի քաղաքէն: Աւելին. ան տէր ու պաշտպան կ’ըլլայ ու կեանքը կը փրկէ բոլոր այն հայերուն, որոնք Կուտինայի վրայով կը բռնեն աքսորի ճամբան:
Շրջան մը վերջ, քաղաքի ոստիկանապետն ու մոլլաները օգտուելով իր որպէս կուսակալի բացակայութենէն (Ալի այդ շրջանին Պոլիս կը գտնուէր), կը սկսին գաղթի մղել  հայերը: Տեղացի հայերէն ոմանք աքսորի հրահանգէն զերծ կացուցուելու եւ իրենց կեանքը փրկելու համար կրօնափոխ կ’ըլլան: Ալի Ֆայիք երբ կը վերադառնայ իր պաշտօնավայր ու կը տեսնէ, որ հայեր սկսած են տարագրուիլ, սաստիկ կը զայրանայ եւ ետ կը կանչէ զանոնք: Ան միւս կողմէ կը վտարէ իսլամացած հայերը, ըսելով թէ քանի որ չհաւատացին իրեն, ինք ալ կ’արտաքսէ զանոնք, որովհետեւ արժանի չեն իր պաշտպանութեան եւ գուրգուրանքին:
Եւ հակառակ անոր որ ներքին նախարար Թալիաթ Փաշա անձամբ իրեն դիմած եւ հարցուցած էր, թէ ինչո՛ւ կը պահէ հայերը եւ չի ղրկեր բոլորը, ինք ըսած էր, թէ չ’ուզեր մեղսակից ըլլալ այդ մարդասպաններու արարքներուն, աւելցնելով որ հակառակ պարագային պատրաստ է իր հրաժարականը տալու:
Թալիաթ քաջ իմանալով,  որ Ալի Ֆայիքի եղբայրը երիտթուրքերու մաս կը կազմէ, կը յօժարի, ըսելով. «Լաւ, դուն ալ մնա, հայերդ ալ քեզի հետ թող մնան» ու այդպէս՝ կուտինահայութիւնը կը փրկուի ստոյգ մահէն:
Շրջան մը վերջ, երբ Ալի Ֆայիք կը հեռանայ իր պաշտօնէն, տեղւոյն հայերը հայկական Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ պատին վրայ կը զետեղեն մակագրութիւն մը, ուր կը յայտնեն իրենց երախտագիտութիւնը Ֆայիքին՝ իր ցուցաբերած մարդասիրական ծառայութեան համար: Լսած ենք, որ  ցայսօր կան հայեր, որոնք յաճախ կ’այցելեն իր դամբարանը եւ կը մատուցեն իրենց յարգանքի տուրքը: Գիտենք նաեւ, որ իր յուղարկաւորութեան արարողութեան անձամբ մասնակցած է օրուան պատրիարք Գարեգին Արք. Խաչատուրեան: