Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Սերկէյ Լաւրովը Սամարղանդի մէջ՝ ԱՊՀ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու գագաթնաժողովին, հանդիպած եւ քննարկած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան (այսուհետեւ՝ ԱԳՆ) մամուլի ծառայութիւնը։

«Լաւրով ու Միրզոյեան հանդիպման ընթացքին կարեւոր համարած են հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման ուղղուած քայլերը եւ քննարկած են յառաջիկայ դիւանագիտական շփումները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: