ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը այսօր այցելեցին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոն։

Անոնք շրջեցան կեդրոնի Աշխատանոցը, Դարմանատունը, Ձեռարուեստի, արխիւայինի եւ այլ յանձնախումբերու յանձնախումբերու կեդրոնները, ապա Շրջ. Վարչութեան հետ հանդիպում ունեցան։

ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Սիրան Ամպարճեան ներկայացուց երկրաշարժի յաջորդող օրերուն միութեան մարդասիրական եւ բժշկական ծառայութիւնները, շեշտեց ՀՕՄ-ի մշտական զօրակցութիւնը միութեան տարբեր ծրագիրներուն, ապա ՍՕԽ-ի 90-ամեակի յուշամատեանէն օրինակ մը նուիրեց այցելուներուն։

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան գնահատեց տարուող աշխատանքը, յատկապէս երկրի ներկայ պայմաններուն մէջ, եւ ուժ ու կորով մաղթեց միութեան։

Հանդիպումին Պատկան Մարմինէն ներկայ էին Աւօ Գաթրճեան եւ Անի Մուրատեան։