ՀՅԴ բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան այսօր առաւօտ այցելեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից Մարմինի կեդրոն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահ եւ հանդիպում ունեցան Նպաստից Մարմինին հետ։

Անոնք ծանօթացան Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն ետք մարմինին տարած ժողովուրդի օժանդակութեան բազմաբնոյթ աշխատանքներուն եւ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին զօրավիգ կանգնելու հալէպահայութեան։

Այնուհետեւ անոնք այցելեցին 6 Փետրուարի երկրաշարժին հետեւանքով փուլ եկած այն շէնքը, ուր զոհուած էին երկու հալէպահայեր եւ աղօթք բարձրացուցին անոնց հոգիներուն համար։