18 Ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, դոկտոր Նորա Արիսեան ընդունած է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային
Միութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Հիմնադրամի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեան, Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան։

Հանդիպումի ընթացքին ներկաները շնորհաւորած են դեսպանը՝ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առիթով եւ զրոյց ունեցած են մշակութային դաշտին մէջ շահաւէտ գործակցութեան շուրջ։

Դեսպանը իր կարգին շնորհաւորած է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 95-ամեակը եի պատրաստակամութիւն յայտնած է միատեղ մշակութային ծրագիրներու կեանքի կոչման համար։

Պատուիրակութեան անդամները դեսպանին նուիրած են Համազգայինի կողմէն լոյս ընծայուած գիրքերէն։

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակ