Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլի յետմիջօրէին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան այցելեցին ՍՕ Խաչ-Ազգ. Պատսպարան եւ հանդիպում ունեցան պատսպարանի յանձնախումբին եւ պատսպարանի պատանի-պարմանուհիներուն հետ։
Անոնք մօտէն հետաքրքրուեցան պատսպարեալներու առօրեայով եւ ներկայ պայմաններուն անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններով։

Յանձնախումբի ատենապետ երկրչ. Սիլվա Նազարեան ներկայացուց սաներուն ընդհանուր թիւը, ընկերային, կրթական եւ կենցաղային առօրեային մասին մանրամասնութիւններ։

Այցելուները զրուցեցին սաներուն հետ եւ բարեբեր օրեր մաղթեցին անոնց։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչն ու իրեն ընկերակցող ազգայինները Ազգ. Պատսպարանէն ներս հանդիպեցան նաեւ ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեանին եւ ՀՀ Մարդասիրական խումբի ղեկավար Վահան Թադեւոսեանին, որոնք ժամանած էին ՀՀ մարդասիրական խումբի օժանդակութիւնը յատկացնելու Ազգ. Պատսպարանին։

Հանդիպումի աւարտին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը իր տպաւորութիւնները արձանագրեց Ազգ. Պատսպարանի յուշամատեանին մէջ։

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհին եւ Պատկան Մարմնի անդամներ Աւօ Գաթրճեան եւ Անի Մուրատեան։