Ուրբաթ, 14 Ապրիլին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբը կազմակերպած էր եզակի ձեռնարկ մը, որուն մասնակցեցան ՍՕ Խաչի նստավայրի մասնաճիւղերու եւ Շրջ. յանձնախումբերու անդամները:

Ներկաները պահ մը մէկդի դրին երկրաշարժին եւ երկրի տնտեսական տագնապին հետեւանքով յառաջացած իրենց բոլոր մտավախութիւնները, մտահոգութիւնները եւ հոգեկան վերիվայրումները: Անոնք վայելեցին օգտակար գիտելիքներով ու խաղերով լի մթնոլորտ մը, ՀՄԸՄ-ի պարտէզէն ներս:

Յանձնախումբի ատենապետուհի Հուրի Էպլիղաթեան ձեռնարկին բացումը յայտարարելով խոստացաւ ներկաները դուրս բերել մերօրեայ տագնապալի վիճակէն եւ խաչուհիները ոգեշնչել, որպէսզի լոյսի կանթեղներու նման իրենց ընկերային ու ընտանեկան միջավայրերուն մէջ հաւատք, յոյս եւ լաւատեսութիւն ներշնչեն:

Յանձնախումբի ընկերուհիները հերթաբար ելոյթ ունենալով ներկայացուցին հանելուկներ, շուտասելուկներ, իսկ ներկաներէն մաս մը մասնակցեցաւ հարց-պատասխանի եւ ընդհանուր զարգացման մրցումին:

Օրուան դասախօսն էր տիկ. Ֆաթիմա Քամէլ:

Ան նկարագրեց մարմնի ջղային համակարգը եւ անոր կապուած բոլոր հիւանդութիւնները: Ապա խօսեցաւ չինական բժշկութեան մասին՝ լուսարձակի տակ առնելով կենսուժի ազդեցութիւնը մեր առօրեային վրայ: Ապա ան կատարեց մարզական վարժութիւններ, որոնց միջոցաւ մեր մարմնէն դուրս կը վանենք հոգեկան տագնապները ու դրական ներուժ կը կուտակենք:

Յանձնախումբը բարձր գնահատեց օրուան հիւրը եւ յուշանուէրով մը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր:

Ներկաները հիւրասիրուեցան եւ բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան:

Թղթակից