Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19-ի երեկոյեան, Քոնկրէսին այցելուներու կեդրոնին մէջ, մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկը։

Ձեռնակին մասնակցեցան ծերակուտականններ եւ ներկայացուցիչներ, որոնք անդրադարձան ու դատապարտեցին Ատրպէյճանի յարձակումները Արցախի բնակչութեան դէմ։

Ա․Մ․Ն․ արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, բացման աղօթքը կատարեց։

Խօսք առնողներու շարքին էին հայկական հարցերու յանձնախումբի համա-ատենապետ Ֆրէնք Փալոն (Դեմոկրատական – Նիւ Ճըրզի), ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտէս (Դեմոկրատական – Նիւ Ճըրզի), Ներկայացուցիչներու Տան նախկին ատենապետուհի Նէնսի Փելոսի, ծերակուտական Ալեքս Փատիյա (Դեմոկրատական – Քալիֆորնիա), ներկայացուցիչ Ատըմ Շիֆ (Դեմոկրատական – Քալիֆորնիա), ներկայացուցիչ Տէյվիտ Վալատաօ (Հանրապետական – Քալիֆորնիա), Ճիմ Քոսթա (Դեմոկրատական – Քալիֆորնիա) եւ ուրիշներ։ Գլխաւոր բանախօսն էր դոկտ. Մայքլ Ռուպին (American Enterprise հիմնարկ)։ Խօսք առին նաեւ Ա․Մ․Ն․-ի Արցախի ներկայացուցիչ՝ Ռոպերթ Աւետիսեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Արամ Համբարեան, Հայկական Համագումարի հոգաբարձութեան անդամ՝ Արամ Կեաւուր եւ յունական, քրտական ու այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

«Հայերուն սպառնացող վտանգը կը շարունակուի: Հայաստանը այսօր եւս յարձակումներու ենթակայ է եւ վերջին քանի մը ամիսներուն Ատրպէյճանի թշնամանքը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ հասած է իր գագաթնակէտին: Կրնամ ըսել, որ երբեք այնքան մտահոգ չեմ եղած, որքան այսօր, որ Ատրպէյճան կրնայ լայնածաւալ պատերազմ մը եւս նախատեսել Հայաստանի եւ Արցախի դէմ», ըսաւ Շիֆ:

Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոն դրուատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար ամերիկահայութեան տարած պայքարը, եւ շեշտեց, թէ վերջին քանի մը տարիներու իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ յաւելեալ աշխատանք պէտք է տարուի Արցախի մէջ ցեղասպանութեան կրկնութեան առաջքը առնելու համար։

Ներկայացուցիչներու տան նախկին խօսնակ Նենսի Փելոսի արտայայտուեցաւ անցեալ տարի Հայաստան կատարած իր պատմական այցելութեան մասին՝ շեշտելով, թէ բռնարարքները պէտք է կասեցուին եւ խաղաղութեան ամբողջական համաձայնագիր պէտք է կնքուի։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտնեց, թէ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը անիմաստ պիտի դառնայ, եթէ Ուաշինկթըն արտօնէ ցեղասպանութեան կրկնութիւնը եւ Պաքուն զինելու իր քայլերը։