Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ վերջինիս կողմէ ձեւաւորուած «Արդարութեան Միացեալ Նախաձեռնութիւն» բազմազգեան միաւորման հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ Աւստրալիոյ Թասմանիա նահանգի խորհրդարանը 11 Մայիսին ճանչցած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը: Այդպիսով Թասմանիան դարձաւ աւստրալիական երրորդ նահանգը, որ Նիւ Սաութ Ուէյլզ եւ Հարաւային Աւստրալիա նահանգներէն ետք կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Համապատասխան օրինագիծը նահանգային խորհրդարանի քննարկման ներկայացուած է խորհրդարանական Լարա Ալեքսանտրի կողմէ` արժանանալով խորհրդարանի իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններու մեծ աջակցութեան` տարբեր քաղաքական խումբերէ եւ կուսակցութիւններէ:

Ներկայացուած բանաձեւի միաձայնութեամբ որդեգրման ներկայ եղած են տեղւոյն հայ, յոյն եւ ասորի համայնքներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Սիտնիի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչները:

Մեկնաբանելով բանաձեւի որդեգրումը` Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Միքայէլ Քոլոքոսեան նկատած է. «Ողջունելի է այս պատմական բանաձեւի որդեգրումը, մենք շնորհակալ ենք նախաձեռնութեան կողմնակիցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կ՛աշխատէին քուլիսներու ետին, ինչպէս նաեւ ամբողջ խորհրդարանին, որ պաշտպանեց այս բանաձեւը: Այս բանաձեւի իմաստը ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշելն է, այլ նաեւ ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը չարտօնելը»:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շարունակէ աշխատիլ Աւստրալիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հասնելու եւ առհասարակ հայութեան շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

12 Մայիս 2023