Կիրակի, 23 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան հովանաւորութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանի Վարիչ Մարմինին, կազմակերպութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. «Տխրունի» Ուսանողական- Երիտասարդական Միութեան, ՆՍՄՄ-ի ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ ապրիլեան ոգեկոչման հսկում Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին առիթով։

Ներկաները ուխտեցին մնալ հաւատարիմ մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին, Հայ Դատին եւ Հայկական պահանջատիրութեան պայքարին:

Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբի կատարողութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սուրիոյ քայլերգներով, որմէ ետք կատարուեցաւ ծաղկեմատոյց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշաքարին դիմաց:

Օրուան հանդիսավարը ներկաները հրաւիրեց մէկ վարկեան յոտնկայս յարգելու մեր սրբադասուած նահատակներուն, ինչպէս նաեւ արաբ նահատակներուն յիշատակը:
Տպաւորիչ գեղարուեստական յայտագիրէն ետք հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Սարդարապատ»ի յաղթերգով: