Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2023-ին, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Ազգ. գերեզմանատան Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց՝ ի յիշատակ մեր սուրբ նահատակներուն։

Ներկայ էին՝ Հայ երեք հոգեւոր պետերը, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան ներկայացուցիչը, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի հրամանատարը եւ սակրաւորները, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսը, պաղեստինեան «Քուտս» գումարտակի քաղաքական թեւի ներկայացուցիչը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, Ազգ. Իշխանութեան անդամներ, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու, մշակութային, բարեսիրական, երիտասարդական, մարզական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքով Գարօլին Քիւրքլեան-Արոյեան յայտնեց, որ 108 տարի ետք, որպէս նոր սերունդ, պահանջատէր պիտի մնանք մեր իրաւունքներուն եւ գործենք մեր կարելիութիւնները ներկայ ժամանակներու պահանջներուն համահունչ օգտագործելով:

Այնուհետեւ, հանդիսավար Լիլիթ Տոլմօղլեան-Փայասեան հրաւիրեց պաշտօնական հիւրերն ու միութիւններու ներկայացուցիչները ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի նուագին եւ ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի, ՀԿՄ-ի ու ՀԵԸ-ի տարազաւոր սկաուտներուն ընկերակցութեամբ յուշակոթողին դիմաց ծաղիկներ զետեղելու։ Հերթաբար հրաւիրուեցան.

– Հայ երեք հոգեւոր պետեր՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան,

– Հայէպահայ երեք կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, ՍԴՀԿ-ի ներկայացուցիչ Աւօ Խոշաֆեան, ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչ մեթր Կարապետ Շուշանեան,

– ՀՀ Սուրիոյ դեսպանութեան եւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան կողմէ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան,

– ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբի ներկայացուցիչ հրամանատար գնդապետ Վահան Թադէոսեան,

– Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխաններ՝ Ժիրայր Րէիսեան եւ դոկտ. Լիւսի Իսկէնեան

– Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան անդամներ Մանուէլ Տէր Մանուէլեան եւ Գուրգէն Գալուստեան,

– Պաղեստինեան «Քուտս» Գումարտակի ներկայացուցիչ Ատէլ Ապտուլ Հաք,

– Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Նասէր Մաքարէմ,

– Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Մարմինի ներկայացուցիչ Ծերուն Գահուէճեան,

– Սուրիահայ բարեսիրական միութիւններու՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ներկայացուցիչներ,

– Սուրիահայ մշակութային միութիւններու՝ Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան, Ազգային Մշակութային Միութեան, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան, Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչներ,

– Սուրիահայ մարզական միութիւններու՝ Հայ Մարմնամարզական Միութեան, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի Մարզական Շարժումի ներկայացուցիչներ,

– Սուրիահայ երիտասարդական միութիւններու՝ Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան, Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան, Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց Միութեան, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան, Հայ Երիտասարդաց Միութեան եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Ջանից Ընկերակցութեան ներկայացուցիչներ,

-SOS բարեսիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ,

– Հայրենակցական միութիւններու՝ Տիգրանակերտի, Ուրֆայի, Քիլիսի, Տարօն-Տուրուբերանի, Բալուի, Պէրէճիկի, Մարաշի, Զէյթունի Հայրենակցական Միութիւններու, Կարմուճի Տիկնաց Վարչութեան եւ Ուրֆայի Վերածնունդ Միութեան ներկայացուցիչներ։