Թուրքիան արձագանգած է Երեւանի մէջ տեղադրուած աղբիւր-յուշակոթողին, որուն վրայ գրուած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած եւ իրականացուցած երիտթուրքերու պարագլուխներէն, ինչպէս նաեւ 1918_ի Պաքուի հայերուն ջարդի կազմակերպիչներէն վրէժ լուծած հերոսներու անունները։

Յիշեցնենք, որ օրերս Երեւանի կեդրոնին մէջ` Օղակաձեւ զբօսայգիին 4-րդ հատուածին մէջ, «Նեմեսիս» գործողութեան հերոսներուն յիշատակը յաւերժացնող աղբիւր-յուշակոթող բացուած է։

«Նման սադրիչ քայլերը, որոնք չեն համապատասխանիր Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ոգիին, ոչ մէկ կերպ կը նպաստեն տարածաշրջանի մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ջանքերուն։ Ընդհակառակը, անոնք բացասաբար կ’անդրադառնան կարգաւորման գործընթացին վրայ», ըսուած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։