Շարունակուող «Ապրիլ 24»-ին յաջորդ հանգրուանը ՄՕՏԱԼՈՒՏ Է…: Հայ ժողովուրդին մէջ այս իրականութիւնը՝ (կամ իրականութեան նկատմամբ)

– Ոմանք բաց աչքերով կը տեսնեն, բայց բացի տագնապելէ, սարսափելէ, ահազանգելէ ու բողոքելէ, ուրիշ հնարաւորութիւն չունին կացութեան վրայ ազդելու:

– Ոմանք բաց աչքերով կը տեսնեն, բայց հնարաւորութիւն ունենալով հանդերձ, զարմանալիօրէն կասեցնելու կամ կանխարգիլելու ուղղութեամբ բաւարար չեն գործեր կամ կը ձեւացնեն որ «պէտք եղած»ը կը կատարեն:

– Ոմանք բաց աչքերով կը տեսնեն, բայց գիտակցաբար կոյր ու խուլ կը ձեւանան:

-Ոմանք այնքան ատեն որ իրենց անհատական-ընտանեկան կեանքին ու ունեցուածքին չեն մօտենար, հոգերնին անգամ չէ, ականատեսի դիրքի մէջ կը մնան:

-Ոմանք հետաքրքրուած չե՛ն, յոգնած են այս պատմութիւններէն, յուսալքուած են, չե՛ն ուզեր տեսնել պատահածը: Ուրացումի «denial»-ի մէջ են:

-Ոմանք այնքան ծանրաբեռնուած են իրենց առօրեայով, որ նոյնիսկ եթէ հետաքրքուած են, ժամանակ անգամ չունին այս հարցերուն մասին մտածելու ու գործելու:

-Ոմանք տհաս ու խաբուած, չեն տեսներ պատահածը ու դեռ կը հաւատան որ նոր ցեղասպանութիւն կարելի չէ որ տեղի ունենայ այս օրերուն:

-Ոմանք, երազային աշխարհի մէջ, անցեալի փառքով գինովցած, ամպագորգոր ճառեր կը կարդան, անիրականանալի երազներ կը հիւսեն, յստակ գործեր չեն առաջադրեր ու ղեկավարեր:

-Ոմանք, կը փորձեն մոլորեցնել հանրութիւնը, կը փորձեն համոզել թէ մենք տկար ենք, կարողութիւն չունինք, հնարաւորութիւն չունինք, չենք կրնար դիմագրաւել ու ոչխարի նման պիտի մորթուինք եթէ չյանձնուինք:

– Ոմանք, կացութեան լրջութիւնը արհամարած, դեռ բաժանարար, կործանարար ու իրարամերժ գործունէութեամբ կը զբաղին, ոխակալ ու քինախնդիր կը մնան:

-Ոմանք ամէնայն լկտիութեամբ, անբարոյականութեամբ ու եսապաշտութեամբ, կը հաւատան, թէ իրենց ազգակիցներուն զոհաբերումով կամ հայրենազրկումով իրենք պիտի կարենան հանգիստ ու խաղաղ կեանք ապրիլ:

-Ոմանք լուռ ու մունջ, լուսարձակներէ հեռու, անկախ ամէն զարգացումէ, նպատակասլաց, իրենց կարողութիւններն ու հնարաւորութիւնները կ՛օգտագործեն երկարաժամկէտ եւ կայուն լուծումներու հասնելու:

-Իսկ ոմանք, հողին կառչած, անվախ ու վճռական կը պայքարին ու պիտի պայքարին որ Ապրիլ 24-ը չշարունակուի…:

Հիմա մենք մեզի հարց տանք, վերոնշեալներէն ո՞ր խումբին կը պատկանինք: Արդեօ՞ք վերջին երեք տարիներուն մէկ խումբէն միւս խումբ փոխադրուած ենք, թէկուզ անգիտակցաբար…: Ժողովուրդին ո՞ր խումբը, բաղադրիչը, հատուածը, մասնիկը մեծամասնութիւն է այսօր ու ո՞ր մասնիկը՝ փոքրամասնութիւն: Ժողովուրդին միւս բաղադրիչներուն հետ բաղդատած, ո՞ր խումբը աւելի վճռորոշ դեր կը խաղայ այսօր մեր իրականութեան մէջ:

Այստեղ փակագիծ մը պէտք է բանալ ու յստակացնել, թէ այս ծանր օրերուն համազգային միասնութիւնը իտէալական հրամայական ու առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլար, սակայն իրապաշտօրէն պէտք է ընդունիլ որ այսօրուան պայմաններուն լոյսին տակ միասնութիւնը անիրականանալի է: Ազգային միասնութիւնը խոչընդոտող բազմաթիւ գործօններ կան՝ համազգային ղեկավարութեան չգոյութենէն սկսեալ, մինչեւ գաղափարախօսութիւններու եւ առաջնահերթութիւներու կտրուկ հակասութիւններ, համազգային յստակ ռազմավարութեան բացակայութիւն, ներազգային երկխօսութեան կարեւորութեան թերագնահատում, ինչպէս նաեւ միասնութիւն երաշխաւորող պետական ու համազգային գործիքակազմի կամ հարթակի բացակայութիւն:

Հետեւաբար, այնքան ատեն որ այս խոչընդոտները չեն յաղթհարուած, ըստ երեւոյթի, ներազգային մակարդակի վրայ, վերոնշեալ մասնիկներուն-խումբերուն հզօրացումէն կամ տկարացումէն կախեալ է եկող օրերու շարք մը ճակատագրական զարգացումները…: Յստակ է, թէ ժողովուրդի ո՛ր մասնիկին հզօրացումով կարելի է կասեցնել շարունակուող «Ապրիլ 24»-ի վերահաս հանգրուանը:

Ազգովին պիտի յաջողի՞նք կասեցնել «Ապրիլ 24»ը: Դժուա՛ր, բայց ոչ անկարելի:

Դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան

24 Ապրիլ 2023