Ինչպէս որ  քաղաքական տագնապի տարիները չէին կրցած, այնպէս ալ երկրաշարժը եւ համատարած աւերը ու զանոնք վերացնելու բազմապիսի անհրաժեշտութիւնները չկրցան հեռացնել հալէպահայութիւնը համազգային օրակարգէն, Արցախեան գոյապայքարի զօրակցութենէն, որուն պարտադրուած 44-օրեայ պատերազմի բուռն օրերուն նուիրաբերած էր իր ընտրեալ զաւակները:Անոնք Շուշիի մատոյցներուն նահատակութեամբ ամրագրած էին Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք հայ ազգի միասնականութիւնը, Միացեալ Հայաստանի եւ մէկ հայութեան անշամանթաղ տեսլականով։
Ինչպէս նշանակալից բոլոր առիթներուն այս անգամ ալ Արցախին համաժողովրդային զօրակցութեան արտայայտութեան ժամադրավայրը հալէպահայութեան համար անփոփոխ էր. Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի բակը։
Հազարներ փութացած էին հոն :
Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի նախօրեակին համաժողովրդային զօրակցութիւն յայտնելու Արցախի գոյութենական պայքարին, պահանջելով որ համայն հայութեան ներուժի մէկտեղումով կանխուի երկրորդ ցեղասպանութեան մը գործադրումը, որուն նախանշանները ամէնօրեայ զարգացումներով կու գան Արցախէն։
Ժողովրդային ցասումնալից պահանջ է Արցախի հողին վրայ իրողական տեղաշարժի մը իրականացումը։
Միջին Արեւելքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գործող ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու Հալէպի մէջ առաջին անգամ գումարուող տարածաշրջանային ժողովի օրերուն զուգադիպած զօրակցական այս եւ նմանօրինակ հաւաքներու պահանջները վստահաբար իրենց տեղը պիտի ունենան Հայ Դատի եւ պահանջատիրութեան ապագայ ռազմավարութեան ձեւաւորման մէջ։
Զօրակցական համաժողովրդային հաւաքը իր հազարներով կազմակերպուածութեամբ հալէպահայութեան շռնդալից պատասխանն էր նաեւ բոլոր անոնց, որոնք շրջանէ մը ի վեր չեմ գիտեր որո՞ւ ծառայելով Հալէպ հայ չմնաց կը յանկերգեն։
Հալէպահայութիւնը, որպէս սփիւռքահայ ամրոցներու յառաջապահ, պնդօրէն կառչած իր արմատներուն, վերականգնումի անխորտակ կամքով դղրդեց հայ աշխարհը։
Գրիգոր Տունկեան