Ատրպէյճանցի այսպէս կոչուած «բնապահպան»-ները, որոնք 12 Դեկտեմբերէն փակած էին Բերձորի միջանցքը` Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճամբան, երէկ յայտարարած են, որ կը դադրեցնեն իրենց շարժումը:

Երէկ անոնք հրաւիրուած են Ատրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման:

Շուշիի մէջ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Այտին Քարիմով «բնապահպան»-ներուն ըսած է, որ 23 Ապրիլէն ետք, երբ պետական սահմանային ծառայութեան ստորաբաժանումները անցակէտ տեղադրած են Բերձորի միջանցքին մէջ, սկզբունքօրէն նոր իրավիճակ ստեղծուած է, եւ շարժումի մասնակիցներուն առաջարկուած է դադրեցնել զայն:

Որոշուած է 28 Ապրիլ 2023 ժամը 18:00-էն ժամանակաւորապէս դադրեցնել այդ շարժումը: