6 Մայիսը Օսմանեան կայսրութեան բարբարոսութիւններուն մէկայլ վկայութիւնն է։

Հայոց Ցեղասպանութենէն տարի մը անց, այս անգամ արաբական աշխարհին մէջ, սուրիացի եւ լիբանանցի մտաւորականներ կախաղան հանուեցան իրենց ազգային պատկանելիութեան պահպանման եւ հայրենասիրութեան համար։
1916-ին, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մտաւորականները նահատակուեցան յանուն իրենց հայրենիքի, իրենց քաղաքակրթութեան պահպանման։

Օսմանեան կայսրութիւնը մարդասպանութեան սպառնալիքով փորձեց խեղդել ազատութեան եւ անկախութեան անոնց ձայնը, բռնի թրքացումի ենթարկել այս անգամ արաբ ժողովուրդը, սակայն չյաջողեցաւ։ 6 Մայիսի նահատակները մերժեցին ստրկութիւնը եւ իրենց սերունդներուն կտակեցին արժանապատիւ ու ինքնիշխան հայրենիք կերտելու, ինքնութիւն պահելու կամքը, վճռակամութիւնը եւ քաջութիւնը։

Անոնք յաջողեցան, իսկ թրքական բռնատիրական մտայնութիւնը, 107 տարիներ ետք, տակաւին կը շարունակէ գլուխ ցցել՝ թրքական ուժերու սուրիական տարածքներ բռնագրաւումով, երկրին ինքնիշխանութիւնը արհամարհելով, բարիդրացիական յարաբերութիւնները շահագործելով։

6 Մայիս 1916-ին 7 մտաւորականներ Դամասկոսի «Մարճէ» եւ 14 Պէյրութի «Պըրճ» հրապարակներուն վրայ կախաղան բարձրացուեցան ու նահատակուեցան։ Անոնց յիշատակի յաւերժացման համար զոյգ հրապարակները կոչուեցան «Նահատակաց Հրապարակ», որպէսզի սերունդներուն յիշողութեան մէջ վառ մնայ անոնց յիշատակը:

Սուրիացիները չընկրկեցան, սակայն, կերտեցին անկախ հայրենիք ու հայրենասիրութեամբ տոգորուած ամուր բանակ, որ 107 տարի վերջ կրկին դէմ դրաւ Սուրիան քայքայել փորձող ոսոխին ու նահատակներու արիւնը արժեւորեց երկրէն վանելով ահաբեկչական խմբաւորումները եւ ուրուագծելով Սուրիոյ ամբողջական ազատագրման նուիրական ուղին։

6 Մայիսին հայ, սուրիացի եւ լիբանանցի նահատակներուն յիշատակը կամրջուելով երեք ժողովուրդներուն ազատ ապրելու կամքը կը վերահաստատէ։

«Գանձասար»