«Նեմեսիս» գործողութեան արձանը քանդելու մտադրութիւն չունի Երեւանի իշխանութիւնը , Երեւանի քաղաքապետարանէն յայտնած են «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին։

«Ազատութիւն»-ը հարցում ուղղած էր քաղաքային իշխանութեան, թէ արդեօք հայաստանեան օդանաւային ընկերութիւններու առջեւ օդային տարածքը փակելէ ու Թուրքիոյ մէջ բարձրացած աղմուկէն ետք Երեւանի իշխանութիւնը մտադրութիւն ունի՞ հեռացնելու «Նեմեսիս» գործողութեան նուիրուած արձանը, թէ օրակարգի վրայ նման հարց չկայ:

«Արձանի տեղադրումը Հայաստանի ներքին հարցն է եւ որեւէ մէկը իրաւունք չունի ատոր խառնուելու», երէկ աւելի կանուխ Յաղթանակ զբօսայգիին մէջ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան:

Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ Թուրքիան Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած էր կազմաքանդելու «Նեմեսիս»-ի յուշարձանը: Թրքական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: Անոր համաձայն, եթէ ատիկա տեղի չունենայ, ապա թրքական կողմը Հայաստանի դէմ նոր քայլերու պիտի ձեռնարկէ:

«Թուրքիան նախազգուշացուցած է Երեւանը եւ լրացուցիչ քայլերու պիտի ձեռնարկէ, եթէ յուշարձանը չկազմաքանդուի», ըսած է ան: