«Կամաւորական Շարժում» Հասարակական Կազմակերպութիւնը նախաձեռնած է 20 Մայիսին երթի եւ հանրահաւաքի կազմակերպման Կոռնիձորի մէջ։
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է.
«Արցախը մերն է։
Արցախը Հայաստան է, Հայաստանը՝ Արցախ։
Բոլոր հայերը արցախցի են։
Ոտքի՛, տէր կանգնինք մեր Արցախին։
Ոտքի՛, տէր կանգնինք մեր իրաւունքներուն։
Ոտքի՛, մեր մէջքը ուղղենք։
Ոտքի՛, քանի դեռ չենք կորսնցուցած մեր արժանապատուութիւնը։ Որպէսզի ցոյց տանք ամբողջ աշխարհին, որ հայ ժողովուրդը համաձայն չէ այն ամէնուն, ինչ կը փորձեն իրեն պարտադրել։

Բոլորս, մէկ մարդու նման, 20 Մայիսին, ճիշդ ժամը 12։00-ին ըլլանք Կոռնիձորի մէջ, բոլորս, մէկ մարդու նման յարգենք մեր ազատամարտիկները՝ աւելի քան 10000 զոհերուն յիշատակը եւ անոնց փոխարեն ըլլանք Կոռնիձորի մէջ։

Ըլլանք Կոռնիձորի մէջ յանուն Արցախին, ընդդէն Ատրպէյճանի։

Մենք ենք մեր երկրին տէրը, տիրութիւն ընենք մեր երկրին, մեր Արցախին։

Բոլորս դէպի Կոռնիձոր, դէպի Կոռնիձոր՝ ի ցոյց դնելու մեր համախմբումն ու ընդվզումը, դէպի Կոռնիձոր ըսելու համար, որ մենք ենք Արցախին տէրը, ժողովուրդն է Արցախին տէրը եւ ոչ ոք կրնայ անիկա զիջիլ, առեւտուրի նիւթ դարձնել, վաճառել կամ ուժով տիրանալ։

Կամաւորութեան սկզբունքով բոլորս դէպի Կոռնիձոր։

Կը հաւաքուինք 20 Մայիսին, ճիշդ ժամը 12։00-ին Կոռնիձորի մէջ, մեր փոխադրամիջոցներով, մեր օրուան սնունդով։

Կամաւորական շարժում Հասարակական Կազմակերպութիւն»