Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ առաւելաբար ըսած է.
«23 Ապրիլին Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին վրայ՝ Հաքարի կամուրջին քով, անօրինական հսկիչ անցագրային կէտ տեղադրելէն վերջ, Ատրպէյճանի կողմէ արհեստական պատճառաբանութիւններով կը խոչընդոտուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի բնականոն գործունէութիւնը, որով ատրպէյճանական կողմը ոչ միայն կ’ոտնահարէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի դրոյթները, այլեւ կոպտօրէն կը խախտէ շրջափակման ընթացքին ծայրայեղ ծանր առողջական վիճակի մէջ գտնուող անձանց ՀՀ տեղափոխելու համար ձեռք բերուած համաձայնութիւնը: Այսպիսով Ատրպէյճան ուղղակիօրէն կ’անտեսէ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի  21 Դեկտեմբեր 2022-ի որոշումը, որով դատարանը պարտք կը դնէր Ատրպէյճանին վրայ ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցները՝ ապահովելու Լաչինի միջանցքով Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալու կարիք ունեցող ծանր հիւանդ անձանց տեղաշարժը»:
Ապա աւելցուցած է.
«Ատրպէյճանական կողմը, նպատակ ունենալով ամբողջութեամբ մեկուսացնել Արցախը, նպատակաուղղուած գործողութիւններու կը ձեռնարկէ՝ խոչընդոտելու նոյնիսկ մարդասիրական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը Արցախի մէջ՝ պարբերաբար արհեստական յաւելեալ պահանջներ ներկայացնելով»: