Ճիշդ է, որ հայրենիքս Հայաստանն է, սակայն ծննդավայրս՝ Հալէպ։
Կեանքիս առաջին չորս տարիները ապրեցայ հանգիստ եւ ուրախ, սակայն դժբախտաբար պատերազմի պատճառով երջանկութեամբ լեցուն օրերը վերածուեցան տագնապալի օրերու։ Զրկուեցանք ջուրէ, ելեկտրականութենէ ու չկրցանք վայելել մեր մանկութիւնը ինչպէս որ պէտք է։
Եօթը տարիներ ամբողջ անցուցինք վախով ու սարսափով, սակայն երբե՛ք չյուսահատեցանք։ Համբերեցինք, պայքարեցանք ու վերջապէ՛ս դարձանք յաղթական։
Մեծ ջանքերով վերանորոգուեցան եկեղեցիներն ու դպրոցները։
Հպարտ եմ Հալէպի մէջ գոյատեւելուս համար։
Պիտի ուսանիմ ու ծառայեմ ակումբիս, ազգիս ու հայրենիքիս՝  յառաջ տանելու համար մեր հաւաքական կեանքը։
Ճիշդ է, որ այս բոլորէն ետք հանդիպեցանք աղէտալի երկրաշարժին ու օրերով մնացինք մեր տուներէն դուրս, սակայն այս անգամ ալ յուսահատութիւնը չկլանեց մեզ։ Կրկին ոտքի կանգնեցանք:
Հալէպի բերդին նման կանգուն պիտի մնանք ու պայքարինք բոլոր դժուարութիւններուն դէմ։ Կեանքը պայքար է, մերթ խաղաղ, մերթ փոթորկալի:
Լիւսի Նալպանտեան