Մեզմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատուութիւն մը կրնայ վերցնել իր ազգին ու հայրենիքին զօրավիգ կանգնելու համար: Ու որքան ալ այդ մէկը ըլլայ պարզ կամ խորհրդանշական, հետք մը կը ձգէ մեր մէջ ու կը մղէ աւելի մեծ աշխատանքներու։
Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան պատանիներուս համար աւանդութիւն դարձած է ամէն տարի Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներուն այցելել մեր ազգակիցներուն բնակարանները ու միութեան կողմէ պատրաստուած բացիկով մը շնորհաւորել անոնց տօնը։  Այս աշխատանքը մեծ հաճոյքով կը կատարենք։
Ամէն տարի շնորհաւորական բացիկը իր յատուկ խորհրդանիշը կ’ունենայ, որ կ’ամփոփէ միութեան տարեկան աշխատանքը։ Այս տարուանը սակայն տարբեր էր միւսներէն։
Մեր նպատակն էր Արցախի ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնել։
Աւելի քան 100 օր է մեր ասպետական Արցախը շրջափակման մէջ է, բայց մենք բոլորս ձեռք-ձեռքի տալով կրնանք այս կացութիւնը բարեփոխել եւ ամէն միջոց օգտագործել մեր ձայնը աշխարհին հասցնելու եւ բանալ տալու կեանքի ճանապարհը։
Արցախը մեր հայրենիքն է: Միասնականութեամբ անկարելին կրնանք կարելի դարձնել։ Ուստի մեր կարելիութիւնները ի սպաս դնենք՝ նեցուկ կանգնելու Արցախին:
Այս միտքն է, որ հասցուցինք իւրաքանչիւր հալէպահայու՝ մեր միութեան տպած բացիկը նուիրելով անոր:
Շողեր Տէր Յովհաննէսեան