ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

– Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի խմբապետ Օմար Սոման դարձաւ Ասիոյ լաւագոյն ռմբարկուն՝ նշանակելով 302 կոլ իր մարզական կեանքի ընթացքին: Այս կոչումը նախապէս վերապահուած էր սէուտացի խաղացող Մաճէտ Ապտալլային, որ արձանագրած էր 301 կոլ:

– Սուրիոյ պասքեթի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հալէպի Ահլին 82 – 72 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Համայի Նաուաիր կազմը եւ գրաւեց աղիւսակին առաջին դիրքը, իսկ Ճալաաը 81 – 57 արդիւնքով յաղթեց Հըթթինին: Դամասկոսի մէջ բարձրորակ մակարդակի մրցումէ մը ետք, Ուահտէն 88 – 80 արդիւնքով յաղթեց Քարամէին, իսկ Ուասպէն 69 – 80 արդիւնքով զիջեցաւ Թըշրինին:

– Հալէպի Ճալաա ակումբը անակնկալ որոշումով մը պաշտօնազուրկ յայտարարեց պասքեթի տղոց խումբի մարզիչ Ճորճ Շաքարը, զայն փոխարինեց Լիբանանի Հոփս խումբի մարզիչ Զիատ Նաթուր:

 

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ՄԷՆՏԷՆ ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Ըստ El Nacional-ի, Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերման հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտի 27-ամեայ ֆրանսացի պաշտպան Ֆերլան Մէնտիի ծառայութիւններով։ Փարիզեան ակումբը Ռէալէն զինք փոխադրելու համար առաջարկած է 30 միլիոն եւրօ: Արքայական ակումբը պատրաստ է վաճառել Ֆերլան Մէնտին, սակայն կը քննարկէ 45 միլիոն եւրոյով սկսող առաջարկներ: Ֆերլան Մէնտին մաս կը կազմէ Ռէալին 2019-էն ի վեր։ Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ Յունիս 2025: Ընթացիկ մրցաշրջանին ան իտալացի Գարլօ Անչելոթիի գլխաւորած կազմին հետ մասնակցած է 25 հանդիպումի, կատարելով միայն մէկ կոլային փոխանցում։

 

ՀԱԼԱՆՏ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Անգլիոյ Մանչեսթըր Սիթիի յարձակողական խաղացող Էրլինկ Հալանտ Անգլիոյ ընթացիկ ախոյեանական մրցումներուն շարունակելով իր փայլուն արդիւնքները դարձաւ 36 կոլի հեղինակ: 22-ամեայ նորվեկացի խաղացողը բարելաւեց իր դիրքը Փրեմիէր Լիկի մրցաշրջանին նշանակած կոլերու թիւով: 36-րդ փուլի քատալոնացի Ժոզէփ (Փէփ) Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմը Լիվըրփուլի մէջ տեղի ունեցած Ասթոնվիլլայի հանդիպումին յաղթեց 2 – 0 արդիւնքով, որուն երկրորդ կոլը Հալանտը նշանակեց: Այս մրցաշրջանին Հալանտ 12 կոլ եւս նշանակած էր Չեմփիընզ Լիկին, 3 կոլ՝ Անգլիոյ գաւաթի խաղարկութիւններուն:

Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան