Պարը  կախարդական աշխարհ մըն է, ուր միաձուլուած կը ճախրին մարդու հոգին եւ մարմինը: Պարը միայն մարմինի շարժումը չէ: Անոր մէջ ամփոփուած է արուեստի ամբողջ բազմութիւնը՝ երաժշտութիւն, նկարչութիւն, բանաստեղծութիւն: Իւրաքանչիւր պար կը խօսի իր մարմինով եւ հոգիով: Ան մտքի եւ սրտի ստեղծած քաղաքակրթութիւնն է:
Մայիս ամսուան սկիզբը, գարնան վերջին օրերուն՝  Շաբաթ 6 եւ Կիրակի 7 Մայիսին, Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան Գործադիր Մարմինին կազմակերպած «Շող» պարախումբը  իր տարեկան ելոյթը հրամցուց մեզի, «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս:
Ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հայր Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ  Արժ. Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան,   ՀՀ Մարդասիրական Խումբի Հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ գնդ. Արկատի Տօնոյեան, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ պարարուեստը քաջալերողներ:
Յայտագիրը կ’ընդգրկէր երկու արար, իւրաքանչիւր արար եօթը պարով կ’ամբողջանար: Պարախումբի  պարուսոյցներն էին՝ Լենա Չոքկարեան, Բերլա Մրժանէ եւ Ժօէլ  Ղազզի:
 Ելոյթը սկսաւ Ալլատինի պարով,  որուն ընթացքին ներկաները վերյիշեցին «հազարումէկ գիշերներ» արաբական հեքիաթը:
Հանդիսավարուհի Անի Աթաշեան մերթ ընդ մերթ մէջբերումներ ընելով քերթուածներով հարստացուց յայտագիրը եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց տարազները ձեւաւորող, իրագործող եւ բեմը յարդարող տիկիններուն:
Ապա ներկայացնելով «Մէկ-Երկու» պարը,  ան ընթերցեց երգին բառերը, որպէսզի ներկաները հաղորդակից դառնան պարի նիւթին.
 «Համրել եւ հաշուել սորվիմ,
մատիկներս բացած եմ,
մէկէն ութը  կը գրեմ,
փայտի վրայ  մէկ քթիկ,
թիթիզ թիւ մէկ սիրունիկ…»:
Պարողները լաւ մարզուած էին: Անոնք, ապրելով երաժշտութեան կշռոյթը, խօսուն եւ  արտայայտիչ  պատկերներ կը գծէին, իսկ հմայիչ տարազները կ’ամբողջացնէին պատկերը:
Պարողներուն մէջ էգերուն թիւը գերակշռող էր, ինչ որ արտացոլումն էր երկրի ներկայ վիճակին:
Հակառակ տղոց սակաւաթիւ ըլլալուն, պարերուն եւ պարողներուն ներդաշնակութիւնը զգալի էր: Հանդիսատեսը քար լռութեամբ կը հետեւէր:
Աղքատ էին միայն ծափողջոյնները, այդ ալ հալէպահայ հանդիսատեսին գնահատելու  անհամարձակ ոճին հետեւանքն է, կը խորհիմ: Մինչդեռ ծափողջոյններու տարափը որքա՜ն կը խրախուսէ ամիսներ շարունակ պար սորվող ու հրճուանքով բեմ բարձրացող պատանիներն ու երիտասարդները:
Քաջալերեցէ՛ք պարողները, երգողները, երկրի այս պայմաններուն մէջ մշակոյթին հաւատացողները, սիրելինե՛ր:
Ելոյթը շարունակուեցաւ ու հանդիսավարուհին  տպաւորիչ առոգանութեամբ  ասմունքեց  Յովհաննէս Շիրազի «Հայաստանի Աղջիկները»:
«Մէկը՝ մէկից պարզ ու կախարդ,
Մէկը մէկից խօսքով քաղցր,
Մէկը՝ աստղիկ, մէկը լուսնակ, մէկն՝ արեւի տեսքով քաղցր,
Իմ Հայաստանն են զարդարում նուրբ աղջիկներն Հայաստանի…»:
Ապա խումբ մը պատանիներ ներկայացուցին «Ծնունդդ Շնորհաւոր» պարը:
Հանդիսավարը այս անգամ բեմ ներկայանալով շնորհակալութիւն յայտնեց  տարազներու եւ քուլիսի պատասխանատուներուն, պարուսոյցներուն, որոնք եռանդով եւ կորովով հետեւեցան խումբի մարզումին:  Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրի, ձայնայինի եւ լուսաւորումի բոլոր պատասխանատուներուն ու  բոլոր անոնց, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին ելոյթին յաջողութեան համար:
Հալէպի մշակութային ձեռնարկները միշտ ալ արժանացած են բոլորին աջակցութեան ու զօրակցութեան: Որքա՜ն քուլիսային աշխատանք կը տարուի մինչեւ որ խումբ մը բեմ բարձրանայ յայտագիրով մը:
Ելոյթը աւարտին հասաւ աւարտական պարով:
Երկրորդ ելոյթի աւարտին իր եզրափակիչ պատգամով հանդէս եկաւ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան: Ան դիտել տուաւ, որ պարախումբին մաս կազմողները միայն պարել չեն սորվիր, այլ՝ հաւաքական աշխատանքին նպաստել ու հաւաքական գործ մը յաջողութեան հասցնելու համար իրենց ներդրումը բերել: Իւրաքանչիւր պարող խումբին  մէջ ձուլուելով կը սորվի պահել եւ ցոյց տալ իր իւրայատկութիւնը, որպէսզի մէկը ընդհանուրին եւ ընդհանուրը մէկին նպաստէն ու արդիւնքը ըլլայ հաւաքական աշխատանքի յաջողութիւնը: Վերապատուելին դիտել տուաւ, որ պարը հետեւաբար դաստիարակիչ է նաեւ ու անոր արդիւնքը կը տեսնենք հետագային, մեր առօրեայ համայնքային կեանքին մէջ, երբ պատանիները հասակ նետելով կը դառնան գործունեայ ազգայիններ ու իրենց ներդրումը նոյն սկզբունքով կը բերեն համայնքի կեանքին:
Գնահատելով երկրի ծանր պայմաններուն, երկրաշարժի հետեւանքներուն ստեղծած դժուար օրերուն մէջ նման ելոյթի մը կազմակերպումը, վերապատուելին շնորհակալութիւն յայտնեց մեր առօրեան արուեստի հմայքով զարդարելուն համար, ապա յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Հոգեշնորհ Տէր Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի «Պահպանիչ» աղօթքով:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան