Շաբաթ, 13 Մայիս 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան Լաթաքիոյ հայութեան իր տուած հովուական անդրանիկ այցելութեան ընթացքին, պատուիրակութեամբ այցելեց Լաթաքիոյ Կրօնական Կալուածներու տնօրէն դոկտ. Մուհամմատ Մահմուտ Ալիոյին:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Սուրիոյ նախկին նախագահ հանգուցեալ Հաֆէզ ալ-Ասատի դամբարան իր այցելութեան՝ առ ի յարգանք եւ խոնարհութիւն անոր անմար յիշատակին:

Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հոգեւորականներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական սիրոյ յարաբերութեան։ Այցելութեան առիթով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց կրօնական կալուածներու տնօրէնին՝ ջերմ ընդունելութեան համար եւ բոլոր պատասխանատուներուն մաղթեց առողջութիւն եւ աստուածային իմաստութիւն, որպէսզի կարենան իրենց ուսերուն վրայ դրուած ծանր պարտականութիւնը յառաջ տանիլ եւ ժողովուրդը ճշմարիտ ճանապարհէն առաջնորդել դէպի Աստուած:

Դոկտ. Մուհամմատը իր ուրախութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօր եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան այցելութեան առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով մաղթեց, որ եղբայրական սիրոյ սերտ գործակցութեամբ եւ յաճախակի հանդիպումներով շարունակեն գործել ժողովուրդի բարօրութեան եւ բարիքին համար:

Սրբազան Հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Աւօ Կարպուշեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան, պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Յարութ Գաբրիէլեան, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Մինաս Պալեան, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Լնդեան եւ Լաթաքիոյ թաղականութեան անդամներ: