Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ Ժատտէի մէջ արաբական գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն շրջագիծէն ներս հանդիպումներ ունեցաւ իր լիբանանցի, թունուսցի, յորդանանցի եւ էմիրութիւններու պաշտօնակիցներուն հետ, ինչպէս նաեւ Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմէտ Ապուլ Ղէթին հետ։

Յետ հանդիպումներուն, նախարար Մըքտատ լրագրողներուն յայտնեց, որ բոլոր հանդիպումները մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցան, իսկ մասնակիցները խորհրդակցեցան այլազան հարցերու շուրջ։