Երէկ, Հինգշաբթի, 18 Մայիս 2023-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ Սէուտական Արաբիոյ Ժատտէ քաղաք ժամանեց՝ Արաբական Լիկայի 32-րդ շրջանի գագաթնաժողովին մասնակցելու համար։

Թագաւոր Ապտուլ Ազիզի Միջազգային օդակայանէն ներս նախագահ Ասատը դիմաւորելու եկած էին Մաքքէի իշխանի փոխանորդ իշխան Պատըր պըն Սուլթան պըն Ապտըլ Ազիզ, Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմէտ ապու Ղէթ եւ այլ պաշտօնական անձինք։
Աւելցնենք, որ Սուրիոյ նախագահը 10 Մայիսին Սէուտական Արաբիոյ թագաւորէն պաշտօնական հրաւէր-նամակ ստացած էր՝ մասնակցելու գագաթնաժողովին։