Այսօր, Ժատտայի մէջ սկսաւ Արաբական Լիկայի գագաթնաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար ալ-Ասատը։
Բացման նիստին իւրաքանչիւր մասնակից երկրի խօսքը արտասանուեցաւ։

Նախագահ Ասատ իր խօսքը սկսաւ յայտնելով, որ այնքան կարեւոր վերնագրեր կան, որոնք արտայայտելու համար բառերը անբաւարար կը մնան, իսկ ժողովները սահմանափակ։ «Այո՛, վերնագրերը անսահման են. ո՛չ կը սկսին խօսելով արաբներու կողմէ մերժուած սիոնիստական կազմակերպութեան յանցագործութեան մասին ընդդէմ Պաղեստինի դիմադրող ժողովուրդին, ո՛չ կ՚աւարտին նկարագրելով օսմանեան սպառնալիքը պատուաստուած Եղբայրականներու այլասերած համեմունքով , ոչ ալ կ՚անջատուին զարգացող մեր հասարակութիւններուն համար առաջնահերթութիւն համարուող բարգաւաճման մարտահրաւէրներէն:
Այստեղ կարեւոր կը համարուի Արաբական Լիկային դերը՝ քննարկելու եւ լուծումներ որոնելու զանազան հարցերու, պայմանաւ որ մեր երկիրները զարգացնեն իրենց աշխատանքային համակարգը», ըսաւ նախագահը։

Ապա աւելցուց. «Արաբական Միացեալ աշխատանքը կարիք ունի միացեալ ռազմավարութեան եւ նպատակներու, որոնք հետագային գործնական ծրագիրներու կը վերածուին։ Ան կարիք ունի նաեւ միասնական քաղաքականութեան եւ կայուն սկզբունքներու։ Այդ ատեն մենք դէպքերուն հակադարձելու փոխարէն կրնանք կանխատեսել զանոնք։ Այդ ատեն Արաբական Լիկան ելք կրնայ դառնալ որեւէ տնտեսական պաշարումէ եւ ապաստան՝ թշնամական գռոհներէ»։

Նախագահ Ասատ անդրադառնալով տարածաշրջանի հարցերուն, ըսաւ. «Կարելի չէ հիւանդութիւն մը բուժել անոր ախտանշանները բուժելով։ Տարածաշրջանին մէջ ստեղծուող տագնապները, սկսեալ Լիպիայէն, անցնելով Եամանէն, Սուտանէն եւ հասնելով Սուրիա, նախապէս անլոյծ մնացած հարցերու արդիւնք էին։ Այդ հարցերէն ոմանց լուծումը կը պահանջէ տասնամեակէ մը առաջ արաբական միջավայրին մէջ ստեղծուած ճեղքերու վերացումը եւ Արաբական Լիկայի դերին վերականգնումը, ո՛չ թէ վէրքերու խորացումը։ Ուստի հարկ է ժողովուրդներու ներքին հարցերուն չմիջամտել, որովհետեւ իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր երկրին ներքին հարցերը լուծելու ունակ է, իսկ մեր պարտքն է արաբական ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնը կանխել եւ օգնութեան կարիք ըլլալու պարագային զիրար օժանդակել»։
Նախագահ Ասատ անդրադառնալով Սուրիոյ դերակատարութեան ըսաւ. «Սուրիոյ անցեալը, ներկան եւ ապագան արաբականութիւնն է, պատկանելիութեամբ բնորոշուող արաբականութիւնը։ Սուրիան արաբականութեան սիրտն է, անոր սրտին մէջն է»։

Եզրափակելով իր խօսքը նախագահը ըսաւ. «Այս պահուն, երբ կը գումարենք այս գագաթնաժողովը, փոթորկալից աշխարհին մէջ յոյս կը յառաջանայ ի տես համա-արաբական, տարածաշրջանային եւ միջազգային մերձեցումներուն, որոնց մէկ արտայայտութիւնն է այս ժողովը։ Յոյսով եմ, որ այս ժողովը կը դառնայ համա-արաբական գործակցութեան նոր փուլի սկիզբ, իսկ տարածաշրջանին մէջ պատերազմներն ու լարուածութիւնը փոխարինող համերաշխութեան եւ խաղաղութեան ազդակ»։

Ապա նախագահը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն, որոնք արտայայտեցին իրենց աջակցութիւնը Սուրիոյ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին՝ տարածաշրջանի երկիրներու հաշտութեան նպաստելու իր նշանակալի դերին ու աջակցութեան, ինչպէս նաեւ սոյն գագաթնաժողովի յաջողութեան սատարելու համար: