Այսօր, 19 Մայիս 2023-ին, նախքան Արաբական Լիկայի 32-րդ շրջանի գագաթնաժողովին մեկնարկը, ժողովին մասնակցող արաբական երկիրներու նախագահները, թագաւորներն ու ղեկավարները յիշատակելի լուսանկար մը ունեցան, որ խորքին մէջ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն պրիսմակին տակ նշանակալից էր եւ կ՚ազդարարէր արաբական միացեալ ճակատի մը յառաջացումը՝ ի խնդիր իրենց երկիրներուն, ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ արաբական ինքնութեան պահպանման վերաբերող մարտահրաւէրներուն դիմագրաւման։