ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Կիրակի, 21 Մայիս 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ հովուական անդրանիկ այցելութեամբ ժամանեց Տէրիք, ուր հանդիսապետեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին:
Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Գուրգէն Գալուստեան, Կրօնական Ժողովի անդամ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան եւ Գամիշլիի Թաղական Խորհուրդի անդամներ:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու տնօրէն Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանը:
Սրբազան Հայրը ծաղկեփունջով ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Տէրիքի Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Սերոբ Սուսանեանի եւ թաղականութեան անդամներուն, ՍՕԽաչի անդամուհիներուն, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներուն, կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն եւ ժողովուրդին կողմէ:

Սրբազան Հայրը հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով փոխանցեց իր հայրական պատգամը: Անդրադառնալով Համբարձման տօնի եւ Երկրորդ Ծաղկազարդի խորհուրդներուն, Սրբազան Հայրը հաւատացեալներուն պատուիրեց, որ իրենց անձերը ծաղկազարդեն առաքինութիւններով եւ չվախնան, որովհետեւ մեր Տէրը Քրիստոս աշխարհ եկաւ մարմինով, որպէսզի մարդկութիւնը ազատագրէ մեղքէն, մահէն եւ վախէն: Հետեւաբար, պիտի չվախնանք, որովհետեւ մեր Տէրը մահուան իշխանութիւնը խափանեց եւ մեզի տուաւ այդ զօրութիւնը, որպէսզի մենք ալ մեր ոտքերուն տակ ճզմենք չարին գլուխը։ Տէրը խոստում տուաւ ըսելով. «Ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհին վախճանը», ուստի պէտք չէ վախնանք, ընդհակառակը առաւել զօրանալով վկայենք մեր հաւատքին մասին, ինչո՞ւ, որովհետեւ մեր Տէրը հաւատարիմ է իր խոստումներուն, ինչ որ կը խոստանայ կը կատարէ եւ որովհետեւ մենք Քրիստոսի յարութիւնը, նոր կեանքի զօրութիւնը եւ մահուան վրայ յաղթանակի զօրութիւնը մեր մէջ կը կրենք եւ որպէս լոյսի եւ կեանքի, յարութեան եւ յաւիտենականութեան որդիներ պէտք է հնազանդինք Քրիստոսի պատուէրին, պէտք չէ վախնանք, այլ Քրիստոսի օրինակով ապրինք, ինչպէս ինք ըսաւ. «Ինծի եկէք եւ ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ խոնարհ», նաեւ «Զիրար սիրեցէք ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որովհետեւ մարդիկ ձեր իրար սիրելով է որ պիտի ճանչնան, որ իմ հետեւորդներս էք»: Մեր կոչումն է զիրար սիրելով վկայել մեր քրիստոնէական հաւատքին ու կեանքին մասին:
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ժողովուրդը այս հասկացողութեամբ ապրելու, գործելու եւ ստեղծագործելու:

Սրբազան Հայրը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները, բարեմաղթութիւններն ու աղօթքները փոխանցեց Տէրիքի ժողովուրդի զաւակներուն եւ հրաւիրեց, որ միշտ իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն Վեհափառ Հայրապետը եւ բոլոր պատասխանատուները եւ քաջառողջութիւն ու երկար կեանք մաղթեն Նորին Սրբութեան։
Մակար Սրբազան գնահատեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը, Արժ. Տ. Պսակ ՔՀնյ. Պէրպէրեանը եւ Տէրիքի Թաղական Խորհուրդը, որոնք նուիրաբար կը ծառայեն Հայ Եկեղեցւոյ: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Տէրիքի ժողովուրդի զաւակներուն ջերմ ընդունելութեան համար, գնահատեց անոնց կապուածութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ եւ մեր ազգային-մշակութային արժէքներուն եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց անոնց: